ՃՀՓ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՂԱՐԿԷ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԻՆ
Յուլիս 15-ի պետական հարուածի ձախող փորձէն վերջ ձեռնարկուած հետաքննութիւնը կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հերթական անգամ հանրային կարծիքին փոխանցեցին ուշագրաւ պատգամներ։ Օտար ներդրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Էրտողան քննադատութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ դաշնակիցներու հասցէին։ Իր կարգին, Պինալի Եըլտըրըմն ալ ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ «CNN Türk»էն։
Մինչ այդ, հանրային կարծիքը ուշադրութեամբ կը սպասէ նաեւ Էրտողանի հովանաւորութեամբ շաբաթավերջին Ենիգաբուի մէջ տեղի ունենալիք մեծ հանրահաւաքին, որուն հրաւիրուած են նաեւ ընդդիմադիր կուսակցապետները։ Երէկ, ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու տեղեկացուց, թէ անձամբ պիտի չմասնակցի այդ հանրահաւաքին եւ ՃՀՓ-ի կողմէ պատուիրակութիւն մը պիտի մեկնի Ենիգաբու։ «Ժողովրդավարութեան եւ նահատակներու» այս հանրահաւաքին մասնակցութեան շուրջ շուտով կը սպասուի նաեւ ՄՀՓ-ի պատասխանին։
Պինալի Եըլտըրըմ երէկ յայտնեց, թէ երանի Քեմալ Քըլըչտարօղլու նախընտրէր անձամբ մասնակցիլ։ «Բայց առնուազն կուսակցութեան կողմէ ներկայացուցիչի ուղարկումն ալ ցոյց կու տայ միութեան ու միասնականութեան նկատմամբ ընծայուած կարեւորութիւնը», ըսաւ վարչապետը։