ՓՈՒԹԻՆ­, ՌՈՒՀԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին, Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նան Պա­քուի մէջ։ Այս­պէս, Օ­գոս­տո­սի 8-ին նա­խա­տե­սուած հան­դի­պու­մը պի­տի ըլ­լայ ե­ռա­կող­մա­նի այս ձե­ւա­չա­փով ա­ռա­ջին գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Փու­թին, Ռու­հա­նի եւ Ա­լիեւ պի­տի քննար­կեն մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ա­նոնք կանգ պի­տի առ­նեն գործ­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րե­լու հե­ռան­կար­նե­րը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­ժա­նիւ­թի եւ փո­խադ­րու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։

Պա­քուի մէջ նա­խա­տե­սուած են նաեւ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ՝ ե­ռա­կող­մա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լիք ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ։

Հա­յաս­տա­նեան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը վեր­ջին շրջան­նե­րուն յա­ճախ անդ­րա­դար­ձան այս մօ­տա­լուտ տե­սակ­ցու­թեան։ Ըստ կարգ մը աղ­բիւր­նե­րու, Պա­քուի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ պի­տի կա­տա­րուի նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան։ Ար­դա­րեւ, կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած կարգ մը վար­կած­նե­րու պա­րա­գա­յին Ի­րան ու­նի ան­հանգս­տու­թիւն­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, Հա­սան Ռու­հա­նի կը ծրագ­րէ այս հար­թա­կը օգ­տա­գոր­ծել՝ Թեհ­րա­նի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րե­լու տե­սա­կէ­տէ։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2016