THE GUARDIAN ԿԸ ԳՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ՄՈՎՍԷՍ ԳԻՒՂԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԱՌՕՐԵԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ

Անգ­լիա­կան The Guardian յայտ­նի թեր­թը անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ Մով­սէս գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րու ա­ռօ­րեա­յին։ Թեր­թը նշեց, թէ գիւ­ղի իւ­րա­քան­չիւր տան վրայ նկա­տե­լի են փամ­փուշտ­նե­րու հետ­քեր։ Հարկ է նշել, որ այս գիւ­ղը կը գտնուի Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ եւ յա­ճախ կ՚են­թար­կուի ա­զէ­րի զօր­քե­րու յար­ձա­կում­նե­րուն։

The Guardian կը փո­խան­ցէ իր մէկ վկա­յու­թիւ­նը, երբ գիւ­ղի բնակ­չու­հի­նե­րէն Ան­ժե­լա Այ­վա­զեա­նի թոռ­նու­հին դուրս կու գար ման­կա­պար­տէ­զէն եւ այդ ժա­մա­նակ իսկ սկսած էին կրա­կոց­նե­րը։ Հնգա­մեայ ե­րա­խան լսե­լով կրա­կոց­նե­րու ձայ­նե­րը, միան­գա­մայն տուն վա­զեց գլու­խը կախ։ Այս ան­գամ ոե­ւէ մէ­կը չէր վի­րա­ւո­րուած, սա­կայն բո­լո­րը գի­տէին, թէ Հա­յաս­տա­նի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան Բերդ շրջա­նի Մով­սէս գիւ­ղին վրայ դի­պու­կա­հար­նե­րը դար­ձեալ պի­տի կրա­կեն։ «Սա ժա­մա­նա­կի խնդիր է», կ՚ը­սէր Ան­ժե­լա Այ­վա­զեան։

Մով­սէ­սի բնա­կիչ ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար այս յար­ձա­կում­նե­րը ա­ռօ­րեայ կեան­քի մաս կը կազ­մեն։ Գիւ­ղը կը գտնուի Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նէն 300 մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ ու բազ­մա­թիւ տու­ներ դի­պու­կա­հար­նե­րու ու­ղիղ թի­րա­խը կը հան­դի­սա­նան։ Մով­սէ­սի գիւ­ղա­պետ Ա­րա­րատ Ա­ւա­լեան ար­դէն 55 տա­րիէ ի վեր կ՚ապ­րի այս գիւ­ղին մէջ։ Ա­նոր տու­նը գնդա­կո­ծուած էր ան­ցեալ տա­րուան Սեպ­տեմ­բե­րին։ «Ա­նոնք յան­կար­ծա­կի սկսան կրա­կել։ Գի­տէին, որ այդ տա­րած­քին մէջ կ՚ապ­րին մար­դիկ եւ հա­մո­զուած էին, թէ ոե­ւէ մէ­կուն գո­նէ վնաս մը կը պատ­ճա­ռեն», ը­սաւ գիւ­ղա­պե­տը, ո­րու խօս­քե­րով Մով­սէ­սի մէջ հա­զիւ թէ գտնուի տուն մը, ո­րու վրայ չըլ­լան փամ­փուշտ­նե­րու հետ­քեր։

Նման ան­կա­յուն շրջա­նի մը մէջ բնա­կող տե­ղա­ցի­նե­րուն հա­մար կեան­քը ա­ւե­լի կը դժուա­րա­նայ իւ­րա­քան­չիւր նոր բախ­ման հետ։ Մոս­վէս գիւ­ղը ու­նի 2156 բնա­կիչ։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2016