ԱՐԱՄԱԶԴ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵՂՔԸ

Ամերիկահայ Արամազդ Անդրէասեան, որ կը մեղադրուէր իր հնգամեայ որդւոյն սպանութեամբ, ընդունեց իր մեղքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը գրած է, որ ան կրնայ դատապարտուիլ 25 տարուան բանտարկութեան։ Արամազդ Անդրէասեան հնգամեայ որդին սպաննած էր՝ վրէժ լուծելու համար իր նախկին կնոջմէ եւ դատավարութեան ընթացքին խոստովանած՝ այս մեղքը։ Իր փաստաբանը դատական նիստի ժամանակ նշեց, որ Անդրէասեան այս սպանութիւնը չէ ծրագրած ու ներկայիս կը ստանձնէ այս սարսափելի ոճրագործութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը։

35-ամեայ Արամազդ Անդրէասեան Լաս Վեկասի մէջ ձերբակալուած էր Յունիսի 23-ին։ Ան կը մեղադրուէր երեխայի անհետացման մէջ։ Ապրիլ ամիսէն ի վեր կորսուած համարուող հնգամեայ մանուկի մարմինը Յուլիսի սկիզբին գտնուած էր Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան կողմէ։ Գործընթացի տեւողութեան ոստիկանութեան քննիչները արձանագրած էին, որ Արամազդ Անդէասեանի մօտ նկատելի դարձած են մտահոգիչ զարգացումներ։ Ան փոխած էր մազերու գոյնը, ածիլած էր մօրուքը եւ սկսած կազմել ծրագրեր՝ մեկնելու համար երկիր մը, ուր կրնայ խուսափիլ ԱՄՆ արտայանձնուելէ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017