ԲԱՆԱԿԻ ՆՈՐ ՎԵՐՆԱԽԱՒԸ
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդին նիստը։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովը՝ գլխաւորութեամբ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի։ Պետական աւագանիէն ամենաբարձր մակարդակի դէմքերու մասնակցութեամբ որոշուեցաւ, թէ յառաջիկայ շրջանին ովքեր պիտի գտնուին բանակի վերնախաւին։
Յառաջիկայ շրջանին ցամաքային զօրքերու հրամանատար պիտի դառնայ զօրավար Եաշար Կիւլէր, որ ներկայիս ոստիկան զօրաց ընդհանուր հրամանատարն է։ Ռազմաօդային զօրքերու հրամանատար պիտի դառնայ զօրավար Հասան Քիւչիւքաքեիւզ։ Ռազմածովային զօրքերու հրամանատար պիտի դառնայ զօրավար Ատնան Էօզպալ։ Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Իւմիթ Տիւնտար մնաց իր պաշտօնին գլուխը։
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի ժողովին ընթացքին Պինալի Եըլտըրըմ մատնանշեց, որ Թուրքիոյ հարաւի սահմաններու երկիրներէն ներս առկայ են ապակայուն վիճակ, իշխանութեան պարապութիւն ու ներքին պատերազմ։ Այս բոլորը մեծ սպառնալիքներ կը համարուին Թուրքիոյ հակաահաբեկչական պայքարին տեսակէտէ։ Վարչապետը շեշտեց, որ սահմանային անվտանգութեան համարկուած ծրագիրը փութով կեանքի կոչելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։ Հակառակ ձեռք առնուած բոլոր նախազգուշական միջոցներուն՝ պայքարը տակաւին չէ հասած իր աւարտին։ Արաբական ծոցէն ներս ծագած ճգնաժամը, Հիւսիսային Քորէայի իրադարձութիւնները, Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններուն ընթացքը, Լիպիոյ խնդիրը, Իսրայէլ-Պաղեստին հիմնահարցը յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակեն գոյատեւել՝ որպէս տարածքաշրջանային ու համաշխարհային ռիսքեր։
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի անդամները երէկ ժողովէն առաջ այցելեցին Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ Խորհուրդին կողմէ առնուած որոշումները վաւերացուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։