ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ԵՄ ԱՐՏԱԾՄԱՆ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԸ ՊԻՏԻ ԴԻՒՐԱՆԱՅ

Հայաստանի Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու առաջին փոխ-նախարար Գարեգին Մելքոնեան յայտարարեց, որ 2018 թուականէն սկսեալ երկրէն դէպի Եւրոմիութիւն արտածման ընթացակարգերը պիտի դառնան աւելի պարզ։ Անցեալ տարի Հայաստանէն դէպի ԵՄ արտածումներու եւ արտածման գործարքներու թիւը բարձրացած էր։ Յաջորդ տարիէն սկսեալ Հայաստան պիտի միանայ REX (Registred Exporter) արտածողներու տուեալներու շտեմարանին։ Այս պարագային պարտադիր պիտի չըլլայ արտածման իւրաքանչիւր խմբաքանակին համար ծագման հաւաստագիր ստանալ։ Հարկ է նշել, որ մօտաւորպէս 6 հազար 400 տեսակ ապրանքներու պարագային Հայաստանէն հնարաւոր պիտի ըլլայ դէպի ԵՄ արտահանում կատարել՝ զերոյի մակարդակով կամ նուազեցուած մաքսային դրութիւնով՝ GSP+ արտօնութիւններու գլխաւոր համակարգի շրջանակին մէջ։ Ծագման հաւաստագիրը կարեւոր է նաեւ այդ արտօնութիւնները ստանալու համար։

«Հիմա բաւական է համակարգին մէջ անգամ մը արձանագրուիլ՝ որպէս Հայաստանէն արտածող ու արդէն ամէն անգամ հաւաստագիր ստանալու կարիք չ՚ըլլար։ Շնորհիւ այս բանին մենք կը սպասենք դէպի ԵՄ-ի արտահանողներու թիւի բարձրացում», ըսաւ Գարեգին Մելքոնեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017