ՄԻԱՏԵՂԵԼ ՋԱՆՔԵՐԸ…

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Թեհրան, ուր պիտի մասնակցի Իրանի վերընտրեալ նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման արարողութեան։ Այս այցելութեան ընդառաջ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց մը տուաւ «Իրնա» գործակալութեան։ Ըստ իրեն, կարեւոր է, որ Հայաստան, Իրան, ինչպէս նաեւ Ռուսաստան ա՛լ աւելի համատեղեն իրենց ջանքերը՝ թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ թէ եռակողմանի համագործակցութեան տեսակէտէ։

«Մեր երկիրներու վարած խաղաղասիրական քաղաքականութիւնը տարածքաշրջանէ ներս ինքնին կը հանդիսանայ խաղաղութեան եւ կայունութեան կարեւոր գրաւական։ Միեւնոյն ժամանակ, կը կարծեմ՝ մեր երկիրները ունին եռակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան ընդլայնուած ներուժ մը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան, որու խօսքերով ներկայիս տարածքաշրջանէ ներս դիտար-կըւած գործընթացներու պայմաններուն ներքեւ կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Իրանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստան ա՛լ աւելի միատեղեն իրենց ջանքերը տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ՝ ամուր պատուար դառնալով ծայրայեղութեան դէմ մղուող պայքարին մէջ։

Հարցազրոյցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան մատնանշեց, որ Հայաստան-Իրան յարաբերութեան մէջ զգալի տեղ կրնայ ունենալ փոխադրութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնը։ Այս ամբողջին մաս կը կազմէ Պարսից ծոցէն դէպի Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան միջանցքի ծրագիրը։ Այս վերջինը չի սահմանափակուիր միայն երկկողմանի ձեւաչափով, այլ ունի յստակ տարածքաշրջանային ուղղուածութիւն։ Պարսից ծոցէն դէպի Սեւ ծով ճանապարհային միջանցքի անունը կրող տարանցիկ ցամաքուղիի ցանցի ստեղծման նախագիծը հիանալի հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ զարգացնելու համար Հայաստանի, Իրանի, Վրաստանի, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի ենթակառուցուածքային ծրագրերը, նպաստելով համագործակցող երկիրներու տնտեսական զարգացման։

Ըստ Սերժ Սարգսեանի, այս տեսլականին մէջ կը նախատեսուին նաեւ Մուլթի Մոտ փոխադրումներու իրականացման ծրագրեր, որոնք ուղղուած են Իրանէն Հայաստանի տարածքով դէպի Եւրոպա եւ հակառակ ուղղութեամբ բեռնափոխադրումներու աշխուժացման եւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու մեծացման։

Խօսելով միջազգային փոխադրութեան այդ միջանցքի Հայաստանի հատուածին շուրջ՝ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ երկրի իշխանութիւնները մեծածաւալ աշխատանքներ կ՚իրականացնեն՝ ճանապարհները աւելի բարեկարգելու եւ տարանցիկ հնարաւորութիւնները բարձրացնելու նպատակով։ Որպէս օրինակ ան թուարկեց «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհային միջանցքի ներդրումային ծրագիրը։ Այս մէկը կը հատէ Հայաստանի ամբողջ տարածքը՝ հարաւէն մինչեւ հիւսիս ու կը միանայ այն ճանապարհին, որ կը տանի դէպի Փոթիի եւ Պաթումի նաւահանգիստները եւ Վրաստանի ճանապարհներու հարաւային հատուածին, որու միջոցաւ կարելի է բացուիլ դէպի Ռուսաստան, ԱՊՀ եւ եւրոպական երկիրներ։ Երբ այդ ճանապարհը պատրաստ ըլլայ՝ էապէս պիտի կրճատուի Հայաստանի տարածքէն ներս երթեւեկութեան ժամանակը ու պիտի մեծնան տարանց-ման հնարաւորութիւններն ու որակները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017