ՊԱՔՈՒ-ԹԻՖԼԻԶ-ԿԱՐՍ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻՆ ՄԻՋՈՑԱՒ ՈՒՂԵՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս նորակառոյց երկաթուղիին միջոցաւ արդէն փոխադրուեցան առաջին ուղեւորները։ Այսպէս, Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան ճամբորդութիւն մը իրականացուց՝ Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն եւ Ղազախիստանէն իրաւասուներու հետ։ Երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները ներկայիս մեծաւ մասամբ արդէն աւարտած են։ Նախարարն ալ Կարսէն դէպի Վրաստան ուղեւորուելով՝ իրականացուցած եղաւ այս ծրագրի շրջանակին մէջ առաջին ճամբորդութիւնը։ Ճանապարհին վրայ սահմանամերձ զանազան գիւղերու բազմաթիւ բնակիչներ ողջունեցին առաջին գնացքը եւ իրենց բջիջային հեռաձայններով կատարեցին նկարահանումներ։ Նախարար Ահմէտ Արսլանի հետ էին Ատրպէյճանի Երկաթուղիներու վարչութեան նախագահ Ճաւիտ Կուրպանով, Վրաստանի Երկաթուղիներու նախագահ Մամուքա Պախտածէ եւ Ղազախիստանի Երկաթուղիներու նախագահ Քանաթ Ալփիսփայեւ։ Նախարարը գնացքին մէջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Արսլան այս առթիւ շեշտեց, որ ուղեւորութեան տեւողութեան հնարաւորութիւն ունեցած են շինարարական աշխատանքներուն արդիւնքը տեղւոյն վրայ գնահատելու եւ երեք երկիրներու պատասխանատուներուն հետ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու։ Իր խօսքերով, սա ծրագիր մըն է, որ երեք երկիրներու ջանքերով կը ներկայացուի աշխարհի ծառայութեան։ Ըստ նախարարին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ այս ծրագրին նկատմամբ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ահմէտ Արսլան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին մատնանշեց, որ դժուար ուղղութեան մը վրայ կը յառաջանան աշխատանքները։ «Այս նախագծի պարագային երեք երկիր կը ծաւալէ համատեղ գործունէութիւն։ Գոհունակութեամբ կրնանք արտայայտել, որ առաջին անգամ ճամբորդութիւն մը կ՚իրականացուի ուղեւորներով», ըսաւ նախարարը՝ պատմական որակելով այս ձեռքբերումը։ Ըստ իրեն, կարճ ժամանակի ընթացքին Թուրքիոյ եւ Վրաստանի աշխատանքները պիտի հասնին իրենց աւարտին՝ երեք երկիրներու համագործակցութեամբ։ Այս երկաթուղին մասնաւորապէս բեռնափոխադրութիւններու համար ծառայութիւն պիտի մատուցէ։ Առնուազն նախագծին մասնակից երեք երկիրներուն չափ սոյն երկաթուղիով հետաքրքրուած են Ղազախիստանը, Չինաստանն ու Եւրոպան։ Արդարեւ, երկաթուղիի միւս այլընտրանքներուն բաղդատմամբ այս մէկը շատ աւելի կարճ է եւ իր ցած փոխարժէքներով կը խոստանայ ըլլալ աւելի շահաբեր։

Նախարարը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ սոյն ծրագրի վերջնականօրէն կեանքի կոչուելուն համար շատ կարճ ժամանակ մը մնացած է։ Ան համոզուած էր, որ այս երկաթուղին եղբայրութիւնը պիտի ամրապնդէ իր աշխարհագրութենէն ներս, մշակութային միասնականութիւնը պիտի բարձրացնէ, առեւտուրը պիտի աճեցնէ եւ իրենք մեծ երջանկութիւն կ՚ապրին՝ այսպիսի ծրագրի մը վերջին փուլը թեւակոխած ըլլալով։ «Այս երկաթուղին ծառայութեան յանձնելու նախօրեակին կը գտնուինք», ըսաւ նախարար Ահմէտ Արսլան, որու խօսքերով սա պիտի բարձրացնէ նաեւ նշանակութիւնը «Մարմարայ»ին, որ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ բաղկացուցիչն է միջին միջանցքին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017