Ջութակահար Նիքոլայ Մատոյեան «Կինես»ի Ցուցանիշ Արձանագրած է

Հայազգի ջութակահար Նիքոլայ Մատոյեան «Կինես»ի գիրքի ցուցանիշ արձանագրած է: Այս մասին, ըստ News.am-ի, Մատոյեան գրած է դիմատետրի իր էջին վրայ:

«Յուլիս 25-ին, «Կինես»ի գիրքի համաշխարհային յանձնաժողովը հաստատեց երաժշտական ցուցանիշը, որ ես հաստատած եմ Երեւանի մէջ քանի մը ամիս առաջ», գրած է ան՝ նշելով, որ այս փոքրիկ յաղթանակը կը նուիրէ արցախեան պատերազմի բոլոր վեթերաններուն:

Այս տարուան Փետրուարին՝ Կոմիտասի անուան Քամերային երաժշտութեան տան մէջ՝ Մատոյեան 33 ժամ (իւրաքանչիւր ժամը մէկ՝ 5 վայրկեան ընդմիջումով) կատարած է 59 յայտնի երաժշտական ստեղծագործութիւն: Մատոյեան 1973 թուականին ծնած է Երեւանի մէջ։ Ջութակ նուագել սկսած է եօթ տարեկանին՝ Էմմա Կեսելեւայի (Նուրազեան) հսկողութեան ներքեւ։ Ապա ուսանած է Երեւանի Երա-ժշըտանոցի երդիքին տակ՝ Փրոֆ. Հրաչեայ Պոկտանեանի մօտ։ 1986-ին տեղափոխ-ւած է Նովոսիփիրսք։ 1988-ին դարձած է Չայքովսքիի անուան Համամիութենական մրցոյթի յաղթող։ Ապա Պերլինի մէջ կատարելագործած է իր ասպարէզը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017