APPLE-Ի ԵԿԱՄՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՎԵՐԵԼՔ

Փորձագիտութեան աշխարհի հսկայական ընկերութիւններէն Apple-ի եկամուտները աննախընթաց վերելք մը արձանագրած են վերջին ամիսներուն, ինչ որ հասած է համաշխարհային տնտեսութեան ընդհանուր վիճակին վրայ ազդելու մակարդակին։ Այսպէս, Ապրիլ-Յունիս ամիսներու շրջանին Apple-ի մուտքերը բարձրացած են 7.1 տոկոսով՝ հասնելով 45.4 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Apple-ի շահն ալ բարձրացած է 11.5 տոկոսով։

Այս արդիւնքներու հրապարակումէն վերջ Apple-ի արժեթուղթերը եւս սկսած են բարձրանալ եւ այս հիման վրայ նախ Նիւ Եորքի սակարանէն, աւելի վերջ ալ աշխարհի սակարաններէն ներս տեղի ունեցած է մեծ աշխուժութիւն։ Թոմ Քուք, որ Apple-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէնն է, յայտնեց՝ որ նոր ծրագրերով պիտի ամրապնդեն իրենց յաջողութիւնը։

Հակառակ այս բոլոր հսկայական ձեռքբերումներուն, աշխարհի տնտեսութեան հսկաներէն Չինաստան կը շարունակէ մնալ այն երկիրը, ուր Apple կ՚ապրի յուսախաբութիւն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017