ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹ ՓԱՐԻԶ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Փարիզ։ Կը հաղորդուի, որ 9 օգոստոսին ան Փարիզի հայկական դեսպանատան մէջ պիտի մասնակցի բաց հանդիպումի մը ու պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն։

Միւս կողմէ, Աննա Յակոբեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի մէջ գերեվարուած Կարէն Ղազարեանի ծնողներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Կարէն Նազարեանի ծնողներուն ըսաւ, որ այս պահուն ամենակարեւորը իր մասին լուր ունենալն է։ Վարչապետի տիկինը յոյս յայտնեց, որ հնարաւորինս արագ Կարէն Ղազարեանի մասին լուր կ՚ունենան Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերուն շնորհիւ։ Ղազարեանի ծնողները մտահոգութիւն յայտնեցին, թէ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցները իրենց որդին կը ներկայացնեն իբրեւ սահմանէն ներթափանցած անձ, ինչ որ հերքուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ։

Աննա Յակոբեան Ղազարեան ընտանիքի անդամներու նկատառման յանձնեց, որ ներկայ պահուն միջազգային ճնշումներու ապաւինելէ զատ ճար մը գոյութիւն չունի։ Եթէ հարցին լուծումը կախեալ ըլլար Հայաստանի կառավարութենէն, ապա ամէն ինչ բնականաբար շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար, սակայն ներկայ իրավիճակը դժբախտաբար այդպէս չէ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018