ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԿԻՒՄՐԻԻ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՄԷՋ ՍԱՀՄԱՆԱԽԱԽՏ ՄԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ
Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ ձերբակալուեցաւ սահմանախախտ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը ձերբակալեցին սահմանը խախտած անձ մը, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի է։ Այս վերջինը ձերբակալուած է Կիւմրիի սահմանապահ ջոկատի տեսադաշտին մէջ՝ ճարտարագիտական-թեքնիկ միջոցները յաղթահարել փորձելու ժամանակ։ Ստուգիչ խուզարկման ընթացքին խնդրոյ առարկայ անձին մօտ յայտնաբերուած է բջիջային հեռախօս մը, որու մէջ գտնուած են սահմանի կառոյցներու եւ պատնէշներու լուսանկարներ եւ տեսագրութիւններ։
Օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով սահմանախախտը փոխանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն։ Ներկայիս կ՚իրականացուին անհրաժեշտ աշխատանքները՝ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար։
Հարկ է յիշեցնել, որ միջոց մը առաջ ալ Աֆղանիստանի քաղաքացի սահմանախախտներ ձերբակալուած էին՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ։