ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ԵՐԷԿ ԿՐԱԿԵՑԻՆ ԵՐԱՍԽԻ ԵՒ ԿՈՒԹ ԳԻՒՂԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ օր չ՚անցնիր առանց բախումի եւ մտահոգիչ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճան երէկ հրադադարը երկու անգամ խախտած է սահմանի վրայ։ Այսպէս, կէսօրէ առաջ Ատրպէյճանի զօրքերը սահմանի Երասխի հատուածին մէջ կրակ բացին հայկական դիրքերուն վրայ։ Իսկ օրուայ երկրորդ կէսին անոնք թիրախաւորեցին Կութ գիւղի հատուածի դիրքերը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը տարբեր տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներով կրակած են հայկական դիրքերուն վրայ։ Դէպքերուն հետեւանքով հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած։ Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու հակազդիչ գործողութիւններէն յետոյ կրակը դադրած է։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2021