ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ ԿԷՍ ԴԱՐ ԱՆՑ ՎԵՐՍՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ «ՌՈՄԷՕ ԵՒ ԺԻՒԼԻԷԹ»Ը

Երեւանի Օփերայի բեմին վրայ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ իսկապէս շատ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, շուրջ կէս դար անց հայոց քաղաքամայրին մէջ բեմադրուեցաւ նշանաւոր «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»ը։ Բեմադրիչն էր ռուս յայտնի արուեստագէտ Օլեկ Վինոկրատով։ Հարկ է նշել, որ ներկայացման օրը զուգադիպեցաւ Վինոկրատովի ծննդեան տարեդարձին։ Այսպէսով, «Ալեքսանտր Սպենդիարեան» Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ազգային թատերախումբի խաղացանկն ալ համալրուեցաւ այս աշխարհահռչակ գործով։

Գեղարուեստասէրները խանդավառ մասնակցութիւն բերին ձեռնարկին՝ բեմին վրայ արձանագրուած յաջողութիւնը ողջունելով բուռն ծափահարութիւններով։ Երեկոյթի աւարտին Օլեկ Վինոկրատովին յանձնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ պարգեւ մը, զոր յանձնուեցաւ ձեռամբ փոխ-նախարար Արա Խզմալեանի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2022