ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԸ ՎԱՍՏԱԿ

Հայաստանի բանակի այն զինուորները, որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ հաշմանդամ դարձած են, շուրջ տարուան մը աշխատանքով բանեցին «Արեւագորգ»ը։ Այդ հաշմանդամ զինուորներն էին՝ Ռուսլան Թումանեան, Արթուր Յովհաննիսեան, Արթուր Կարապետեան, Նորայր Աւագեան եւ Սէյրան Սողոյեան։ «Արեւագորգ»ի վերջին հանգոյցները դրուեցան եւ տարուան մը վաստակով անոնք ստեղծագործած եղան իսկապէս խորհրդանշական մշտական արժէք մը։

«Մերկելեան» գորգերու արտադրութեան գործարանի եւ Զինուորական ծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի համատեղ նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Կապէ, որ…» նախագծի շրջանակին մաս կազմեց «Արեւագորգ»ի պատրաստութիւնը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2022