ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ՓՐՈՖ. ՅԱՍՄԻԿ ԻՆՃԷՃԻԿԵԱՆԻ ՀԵՏ
Մոնթրէալի մէջ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 27-ին «Փոլաք Հոլ»ի մէջ տեղի պիտի ունենայ եղեռնէն վերապրած հայ երաժիշտներու վաստակին նուիրուած համերգ մը, գլխաւոր կազմակերպութեամբ երաժիշտ եւ դասախօս Յասմիկ Ինճէճիկեանի։ Ստորեւ՝ Գանատայի «Ապագայ» օրաթերթէն քաղելով կը ներկայացնենք այս համերգին մանրամասներուն կապակցութեամբ Յասմիկ Ինճէճիկեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը։
*
-Ինչո՞ւ համար այս նախաձեռնութիւնը։
-Իրապէս, ինչո՞ւ համար, երբ լրիւ տարի մը այս ժողովուրդը յագեցաւ բազմաթիւ եւ բազմաժանր մշակութային թէ երաժշտական ձեռնարկներով, ինչո՞ւ այս մէկը։
Նախ, ըսեմ որ, գոնէ Մոնթրէալի մէջ, մինչ օրս չյիշեցինք եղեռնէն վերապրած այն սերունդը, որուն ստեղծագործութիւնները կամուրջ մը հանդիսացան կորսուածին՝ եւ նոր պայմաններուն միջեւ։ Կամուրջի մը քանդումը, որ զայն գործադրողին հիմնական նպատակն էր, այսինքն՝ խզել մշակութային կապը այս ժողովուրդին իր անցեալի մշակոյթին հետ։ Վերապրող սերունդը՝ անհնարին կացութիւններ յաղթահարելով կրցաւ ըսել.- ես կը յիշեմ, ոչ միայն կը յիշեմ, այլ նաեւ կրնամ ստեղծագործել իմ նախահայրերուս երաժշտական լեզուով, կրնամ նորոգել փլած եւ փլցուելիք կամուրջները եւ մշակութային շարունակականութիւնը ապահովել։
Այսօր, սակայն եղեռնը իրագործողը չէ որ կը փորձէ փլցնել այդ կամուրջները, մենք ենք, մեր անտարբերութեամբ, մեր օտարամոլութեամբ, մոռնալով այն ժառանգը, որ այդ սերունդը ստեղծեց մեզի համար վերանորոգելով կամուրջները։
Այս ծրագրի առաջին նպատակն է վերապրող երաժիշտներու երգային ժառանգութիւնը վերադարձնել մեր նոր սերունդին։ Այսպէսով, կը յուսանք, որ ոչ միայն Կոմիտասեան եւ Սայաթ Նովեան երգերը, այլ նաեւ Ալէմշահներու, Պէրպէրեաններու, Կանաչեաններու, Պէտէլեաններու, Մեսումենցներու եւ այլ բազմաթիւ արեւմտահայ երգահաններու ստերծագործութիւնները մեր երգիչներու համերգային ծրագրերուն մէջ մնայուն տեղ ունենան։
Երկրորդ նպատակն է, իր արդիական վերահրատարակութեամբ, դիւրացնել ոչ-հայ երգիչ-երգչուհիներուն համար այս երգացանկին տիրապետելու միջոցը. փորձառութեամբ կ՚ըսենք, անոնք յաճախ ուզած են այս երգերը սորվիլ, սակայն անմատչելի ըլլալնուն համար դժուարացած են եւ կամ կախեալ եղած են իրենց ուսուցիչէն։
-Ի՞նչ հիման վրայ որոշած էք ներկայացնել այս երաժիշտներուն գործերը։
-Ինչպէս ըսի, այս երաժիշտներու ընտրութիւնը անոնց յետեղեռնեան սերունդին պատկանելիութիւնն էր, յատկապէս անոնք, որոնք ճաշակեցին տեղահանութիւնը, կորսնցուցին ընտանիք, տուն ու բնակավայր։ Հասկնալի է, որ ցանկը ամբողջական չէ եւ թէ ծրագրի հաւանական շարունակականութեան պարագային պէտք է տակաւ ամբողջացուի։ Անկասկած, այս ծրագրի մէջ ներառուելիք շատ գեղեցիկ կտորներ կան, սակայն անկարելի պիտի ըլլար այդ բոլորը մէկ անգամէն հրամցնել եւ հրատարակել։
Պէտք է խոստովանիմ, որ Կոմիտասի երգերը այս ծրագրի մէջ մտան գործակիցներուս խնդրանքով, աւելի շատ պահանջքով։ Սա ցոյց կու տայ, որ Կոմիտաս արդէն իր արդար տեղը գրաւած է միջազգային երգարուեստին մէջ։
Կը մնար, որ այդ երգերն ալ ներկայացուէին արդիական ոճով։
-Ինչպէ՞ս կարելի եղաւ սոյն ելոյթը ծրագրել ՄըքԿիլլ համալսարանի երաժշտանոցին հետ։
-Երգերը նոր սերունդին փոխանցել էր մեր նպատակը. երբ կարելի չեղաւ այդ մէկը իրականացնել, դիմեցի ՄըքԿիլլ երաժշտանոցի առժամեայ տնօրէնին՝ Փիթըր Ֆրիմընին, որ ծանօթանալով ծրագ-րի մտքին եւ էութեան, անմիջապէս առաջարկեց իր անսակարկ օժանդակութիւնը՝ ծրագրի յաջողութեան։
ՄըքԿիլլ Շուլիհ երաժշտական դպրոցին կողմէ երաժշտանոցի անձնակազմին տարեկան չորս ձեռնարկ-համերգ վերապահուած է, զեղչուած սակով գործածելու Pollack կամ Redpath սրահները։ Այս դրութենէն օգտուելու համար պէտք եղած դիմումնագիրը պատրաստուեցաւ եւ սրահը տրամադրուեցաւ մեզի, որպէս երաժշտանոցի ուսուցիչ, staff and guest artists անունին տակ։ Այսպէսով, սոյն համերգը կը ներկայացնէ ՄըքԿիլլ երաժշտանոցը՝ The Vocal Art of Armenian Composers անունին տակ։
-Ի՞նչ կ՚ակնկալէք սոյն ծրագրէն։
-Ծրագիրը ունի երկու գլխաւոր բաժին՝ զանց առնելով նախապատրաստական աշխատանքները. երաժիշտներու եւ երգերու ընտրութիւն, կենսագրական տուեալներ, ծանօթութիւն երգերու ստեղծման եւ յարակից տեղեկութիւնները։ Համերգը՝ որու մասին վերը բաւարար տեղեկութիւն տրուեցաւ, աւելի կարեւոր է հրատարակութեան բաժինը, որ ծրագրի կէսն է եթէ ոչ աւելին։
Այս բաժնին իրագործման մէջ է, որ կրնանք ակնկալելիք ունենալ։ Տասնեօթ երգ ընտրուած վերը նշուած երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն՝ typesetting-ով գրուեցան։ Ի դէպ, այս երգերէն երկուքը մշակուեցան Միհրան Էսէկիւլեանի կողմէ, մին թենորի եւ դաշնամուրի համար, իսկ միւսը՝ acapella հինգ ձայնի համար։ Ասոնք առաջին անգամ պիտի ունկնդրուին Գանատայի մէջ եւ հաւանաբար նաեւ այլուր։
Այս աշխատանքին մաս կը կազմեն բառացի եւ յատկաբանական թարգմանութիւն, IPA (միջազգային հնչական այբուբեն), բանաստեղծական միտք, երգի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ յօրինողի կենսագրական տուեաները։ Դիւրին չէր այս բոլորը հաւաքել, մանաւանդ երբ նկատի առնենք մեր ցրուածութիւնը եւ արխիւային ցանցի մը կամ կեդրոնական գրասենեակի մը բացակայութիւնը։
Ի վերջոյ, կ՚ակնկալենք, որ այս մարզին մէջ հայ թէ օտար երգարուեստի մէջ պատրաստուող տղաքը, ինչ աստիճանի վրայ ալ գտնուին, օգտուին թէ՛ համերգէն եւ թէ հրատարակութենէն։ Ի դէպ, գիրքերը կը ծրագրուի ղրկել հիւսիսային Աոերիկայի եւ Գանատայի հարիւր երաժշտական դպրոցներու գրադարաններուն ձրիաբար։