ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԷՆ ՆՈՒԷՐՆԵՐ
Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Գերմանիոյ «Պորուսիա Տորտմունտ»ի կիսապաշտպան Հերնիխ Մխիթարեան երէկ Երեւանի Ֆութպոլի ակադեմիոյ մէջ մասնակցեցաւ բարեսիրական նախաձեռնութեան մը։
«Կ՚ողջունեմ բոլորը եւ յատկապէս մանուկները։ Ես ալ նուէրներ պատրաստած եմ իրենց համար։ Մանուկներուն կը մաղթեմ առողջութիւն, նպատակներու իրականացում ու յաջողութիւն», յայտնեց Մխիթարեան եւ մանուկներուն յանձնեց գնդակներ, մարզական տարազներ ու գլխարկներ։
Ձեռնարկի ընթացքին սփիւռքահայ գործարարներ Տիգրան Չապլաքեան եւ Գրիգոր Ճապուրեան Հերնիխ Մխիթարեանին նուիրեցին իրենց հեղինակած «Էրեբունի յաւերժ» ոսկեայ ինքնահոս գրիչը, որ արտադրուած է իտալական հնագոյն գրիչներ արտադրող «Մոնթեկրափփա» ընկերութեան կողմէ։