ՄԵՂՄԱՑՄԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆ

2 Յու­լիս 2016 թուա­կա­նին Պուն­տես­տա­կի կող­մէ ըն­դու­նուած հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձե­ւը կը շա­րու­նա­կէ լա­րուա­ծու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել Թուր­քիոյ եւ Գեր­մա­նիոյ մի­ջեւ։ Վեր­ջին օ­րե­րուն խնդի­րը դար­ձեալ օ­րա­կար­գի վրայ է, ո­րով­հե­տեւ Թուր­քիա Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան առ­ջեւ նա­խա­պայ­ման մը դրած է՝ որ­պէս­զի այդ երկ­րի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նան այ­ցե­լել Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը, ուր կը գտնուին գեր­մա­նա­կան ու­ժեր։ Թրքա­կան կող­մի պա­հան­ջով՝ Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է յայ­տա­րա­րէ, թէ հե­ռա­ւո­րու­թիւն կը պա­հէ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ Պուն­տես­տա­կի ո­րոշ­ման։ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ այս բո­լո­րին հե­տե­ւան­քով կը դի­մագ­րա­ւէ դժուա­րու­թիւն­ներ, մա­նա­ւանդ, որ գեր­մա­նա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­ներն ալ կ՚անդ­րա­դառ­նան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

«Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ, Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տուէր հան­դէս գալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը, թէ ըն­դու­նուած հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւը ի­րա­ւա­կան ա­ռու­մով չու­նի պար­տա­դիր ուժ մը։ Կա­ռա­վա­րու­թեան այս նա­խա­ձեռ­նոու­թիւ­նը սա­կայն ար­ձա­գանգ գտաւ «Տէր Շփի­կըլ»ի կայ­քէ­ջին վրայ։ 2 Յու­լի­սին խորհր­դա­րա­նին կող­մէ գրե­թէ միա­ձայ­նու­թեամբ առ­նուած ո­րոշ­ման դէմ կա­ռա­վա­րու­թեան հե­ռա­ւո­րու­թիւն ար­տա­յայ­տե­լու լսու­մը տե­ղի տուաւ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու։ Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բեր Սթե­ֆըն Սի­պէտ ան­մի­ջա­պէս մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց Պեր­լի­նի մէջ։ Ան շեշ­տեց, թէ խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ հե­ռա­ւո­րու­թիւն դրուի­լը՝ խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շում­նե­րուն դէմ, բայց եւ այն­պէս, խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շու­մը ար­դէն ի­րա­ւա­կան ա­ռու­մով չու­նի պար­տա­դիր ուժ մը։ Ըստ բան­բե­րին, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ու­նի օ­րի­նա­կան սահ­մա­նում մը եւ այդ մէ­կը կը ճշդուի ի­րա­ւա­սու դա­տա­րան­նե­րուն կող­մէ։ Գեր­մա­նա­ցի բան­բե­րին այս խօս­քե­րը մեկ­նա­բա­նե­լով՝ «Հիւր­րի­յէթ»ի Պեր­լի­նի թղթա­կից Ճե­լալ Էօզ­ճան նշած է, թէ խորհր­դա­րա­նի կող­մէ 1915-ի դէպ­քե­րու որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճա­նա­չու­մը օ­րի­նա­կան կապ մը չու­նի։

Իր կար­գին, Ան­կե­լա Մեր­քէլն ալ RTL հե­ռուս­տա­կա­յա­նին տուաւ հար­ցազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին հեր­քեց այն պնդում­նե­րը, ըստ ո­րոնց Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման հա­մար կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հե­ռա­ւո­րու­թիւն պի­տի դնէ Պուն­տես­տա­կի՝ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ո­րոշ­ման դէմ։ Մեր­քէլ ա­ւել­ցուց, որ յար­գանք պէտք է ցու­ցա­բե­րել՝ Պուն­տես­տա­կի կող­մէ ըն­դու­նուած ո­րոշ­ման նկատ­մամբ։ Ան յայտ­նեց նաեւ, թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րու­թիւն մը պի­տի չը­նէ՝ Պուն­տես­տա­կին կող­մէ ըն­դու­նուած ո­րո­շու­մի մը մա­սին։ «Ես ալ ներ­կա­յիս կ՚ան­դա­մակ­ցիմ Պուն­տես­տա­կին», ը­սաւ Մեր­քէլ եւ ա­ւել­ցուց, թէ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ ո­րո­շու­մը պար­տա­դիր ուժ չու­նի։ Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով՝ Մեր­քէլ ա­ւել­ցուց, թէ սա բա­ցար­ձա­կա­պէս չի նշա­նա­կեր Թուր­քիոյ առ­ջեւ ծուն­կի գալ։

Պուն­տես­տա­կի խնդրոյ ա­ռար­կայ ո­րո­շու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ Պեր­լի­նի մօտ Թուր­քիոյ դես­պան Հիւ­սէ­յին Ավ­նի Քարս­լըօղ­լու խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար կան­չուած էր Ան­գա­րա։ Ա­ւե­լի վերջ նշա­նա­կուած էր նոր դես­պան մը, որ տա­կա­ւին չէ մեկ­նած Պեր­լին։ Թրքա­կան կող­մը նման յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կ՚ակն­կա­լէր Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն։ Հարկ է նշել, որ Մեր­քէլն ալ Թուր­քիոյ հետ ա­ռըն­չա­կից զա­նա­զան խնդիր­նե­րու բե­րու­մով լուրջ ճնշում­նե­րու են­թա­կայ է այս շրջա­նին Գեր­մա­նիոյ մէջ։

Տե­ղա­կան մա­մու­լէն այլ թեր­թեր ալ կ՚անդ­րա­դառ­նան նոյն նիւ­թին։ Ընդ­հան­րա­պէս այդ հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ շեշ­տուած է, որ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հե­ռա­ւո­րու­թիւն մը պի­տի չդնէ Պուն­տես­տա­կի ո­րոշ­ման դէմ, սա­կայն այդ ո­րո­շու­մը չու­նի պար­տա­դիր ուժ։ Թեր­թե­րուն մէջ լոյս տե­սած են նաեւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի կող­մէ Սլո­վա­քիոյ մէջ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ Ան եւս նշած է, որ Պուն­տես­տա­կի ո­րո­շու­մը ի­րա­ւա­կան ա­ռու­մով պար­տա­դիր բնոյթ մը չու­նի։

Բո­լոր թեր­թե­րուն մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը այն է, որ Պուն­տես­տա­կի ո­րոշ­ման պար­տա­դիր ուժ չու­նե­նա­լուն վե­րա­բե­րեալ յի­շե­ցում­նե­րը կը կա­տա­րուին՝ Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մեղ­մաց­ման նպա­տա­կով։

Միւս կող­մէ, Շթայն­մա­յէր յայ­տա­րա­րեց նաեւ, թէ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ Սու­րիոյ մէջ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը պէտք չէ տե­ւէ եր­կար։ Գեր­մա­նա­ցի նա­խա­րա­րին այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ալ մա­մու­լին կող­մէ կ՚ո­րա­կուի զար­մա­նա­լի։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2016