Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ԵՒ «ՌՈՄԱ»
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբէն անցաւ Հռոմի «Ռոմա»ն։ Հենրիխ Մխիթարեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետն է, վարձակալութեան կարգով տարուան մը համար միացաւ «Ռոմա»ին։ Այս փոխանցումէն առաջ Հռոմի մէջ Մխիթարեան անցաւ բժշկական քննութենէ։ Տարուան մը վարձակալութեան շրջանի աւարտին «Ռոմա» իրաւունք պիտի ունենայ Մխիթարեանի ամբողջական փոխանցումը կատարելու՝ «Արսենալ»էն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ընթացքին Հենրիխ Մխիթարեան տարեկան 3.5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ պիտի ստանայ։
Հռոմի օդակայանին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Հենրիխ Մխիթարեան յայտնեց, որ ինք երջանիկ է։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2019