ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «ՕՓԵՐԱ ՍՈՒԻԹ» ՆՈՐ ՊԱՆԴՈԿԸ

Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան կը կո­չուին նոր ու բարձ­րո­րակ պան­դոկ­ներ։ Այս շրջագ­ծով վեր­ջերս պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցուե­ցաւ «Օ­փե­րա Սուիթ» պան­դո­կը, որ կը գտնուի Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ան­մի­ջա­պէս մուտ­քին, Գրող­նե­րու միու­թեան հա­րե­ւա­նու­թեամբ ստեղ­ծուած «Լե­ւոն Ա­նա­նեան» պու­րա­կի յա­րած տա­րած­քին։ Նոր պան­դո­կի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, ո­րու կող­քին էին Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Նոր պան­դո­կին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն կա­ռոյ­ցը ծա­նօ­թա­ցու­ցին Սերժ Սարգ­սեա­նին։ Այս վեր­ջի­նը շրջե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան կա­ռու­ցուած նո­րա­բաց պան­դո­կի հա­մա­լի­րէն ներս, տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց կա­տա­րուած ներդ­րում­նե­րուն, ստեղ­ծուած աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րուն եւ այն­տեղ ա­ռա­ջար­կուած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ո­րա­կին շուրջ։ Խորհր­դան­շա­կան կար­միր ժա­պա­ւէ­նը միաս­նա­բար հա­տե­ցին Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան եւ պան­դո­կի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Մահ­մուտ Ահ­մէտ։

«Օ­փե­րա Սուիթ»ի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած էին 2011 թուա­կա­նին եւ ի­րենց ա­ւար­տին հա­սան այս տա­րուան գար­նան։ Կա­ռա­վա­րու­մը կ՚ի­րա­կան­ցուի «Ռեն­քօ» ի­տա­լա­կան ըն­կե­րու­թեան կող­մէ։ Ըստ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, ներ­կա­յիս աշ­խա­տա­կազ­մը բաղ­կա­ցած է վաթ­սուն­չորս աշ­խա­տա­կի­ցէ եւ ա­նոնց յատ­կա­ցուած մի­ջին ամ­սա­կա­նը շուրջ 550 տո­լար է։

«Օ­փե­րա Սուիթ» պան­դո­կը ու­նի տասն­հինգ վեր­գետ­նեայ եւ եր­կու ստոր­գետ­նեայ յար­կեր։ Զա­նա­զան դա­սի սե­նեակ­ներ ու­նի պան­դո­կը, ո­րու տասն­մէկ յար­կե­րուն վրայ տե­ղա­կա­յուած են հա­րիւր­վեց ինք­նա­տիպ սե­նեակ­ներ՝ կա­հա­ւո­րուած ի­տա­լա­կան նո­րաոճ յար­մա­րա­ւէտ կա­հոյ­քով։ Ստոր­գետ­նեայ յար­կե­րուն վրայ կը գտնուին պան­դո­կի կա­յա­նա­տե­ղին, գրա­սե­նե­կա­յին տա­րածք­նե­րը, պա­հեստ­ներն ու լուաց­քա­տու­նը։ Հիւ­րա­նո­ցը ու­նի թէ՛ բաց եւ թէ փակ սրճա­րան­ներ, ճա­շա­րան­ներ, խորհր­դակ­ցու­թեան դահ­լիճ­ներ, լո­ղա­ւա­զան ե­ւայլն։ Պան­դո­կի ե­րեք սրահ­նե­րուն մէջ՝ «Առ­նօ», «Վակ­նէր» եւ «Մո­ցարթ» կա­րե­լի է կազ­մա­կեր­պել հան­դի­պում­ներ եւ այլ ձեռ­նարկ­ներ՝ մին­չեւ 170 հո­գիի մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Պան­դո­կի յա­րա­կից տա­րած­քէն ներս բա­ցուած է նաեւ «Լե­ւոն Ա­նա­նեան» գրող­նե­րու պու­րա­կը, որ հիմ­նուած էր 16-21 Ապ­րիլ 2013 թուա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջին փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ։ Այդ տա­րած­քէն ներս տնկուած էին պե­տու­թիւն­նե­րը խորհր­դան­շող ծա­ռեր։ Պու­րա­կի ընդ­հա­նուր մա­կե­րե­սը 1010 քա­ռա­կու­սի մեթր է եւ ան լիո­վին վե­րա­կա­ռու­ցուած է «Օ­փե­րա Սուիթ» պան­դո­կին կող­մէ։

Պու­րա­կէն ներս տե­ղադ­րուած են հայ մե­ծա­նուն գրող­ներ Պա­րոյր Սե­ւա­կի, Վա­հան Տէ­րեա­նի եւ Ա­ւե­տիկ Ի­սա­հա­կեա­նի յու­շա­տախ­տակ­նե­րը։ Բա­կի կեդ­րո­նա­կան մա­սին մէջ կը գտնուի նաեւ հան­գիս­տի գօ­տի մը, որ յար­մա­րե­ցուած է յա­տուկ օ­րե­րու շար­ժա­ռի­թով ձեռ­նարկ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015