ԾՐԱԳՐԱՒՈՐԵԱԼ ՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին եւ Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութեանց ազգային կեդրոնին համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջերս Փարիզի մէջ կազմակերպուած արեւմտահայերէնի վերաբերեալ գիտաժողովին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, սոյն գիտաժողովին մասնակցած էր նաեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան։ Իր կեցութեան օրերուն ան ծաւալուն ու շահեկան հարցազրոյց մը տուած է Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեային։ Ստորեւ կ՚արտատպենք այս տեսակցութիւնը։
*
-Տարի մը առաջ ձեզի հետ տեսակցութեան ընթացքին ներկայացուցիք ձեր տնօրէն նշանակուելէն ի վեր «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան գործունէութեան հաշուեկշիռը՝ մշակուած հնգամեայ ծրագրի ծիրէն ներս։ Այսօր ի՞նչ ընթացքի մէջ կը գտնուին այդ աշխատանքները եւ որո՞նք են ապագայի հեռանկարները։
-Անցեալ անգամ խօսեցանք սկզբնական ժամանակաշրջանի մեր ծրագրերու մասին։ Այժմ կրնամ ներկայացնել անցնող մէկ տարուան ընթացքին իրագործուած աշխատանքները։ Անշուշտ 2015-ը իւրայատուկ տարի մըն էր հայկական աշխարհին մէջ եւ չնայած, որ մենք այդ առումով քաղաքական հարցերով չզբաղեցանք, բայց ներդրում ունեցանք մշակութային ձեռնարկներու մէջ, հովանաւորելով երեք մեծ համերգներ այն քաղաքներուն մէջ, որոնք մօտ էին Գալուստ Կիւլպէնկեանին՝ Լոնտոն, Փարիզ եւ Պոլիս։ Աւելցնեմ, թէ Պոլսոյ մէջ օժանդակեցինք նաեւ քանի մը ցուցահանդէսներու կազմակերպչական աշխատանքներուն, որպէսզի հոն շեշտուի հայկական մշակութային ներկայութիւնը։ Ուրախութեամբ նշեմ, թէ այս տարի Հայաստանի մէջ Փորթուգալի դեսպանը (նստավայրը՝ Մոսկուա) Ապրիլ 24-ին Երեւան այցելեց եւ մասնակցեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ կայացած ոգեկոչման արարողութեան՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցանելով նահատակներու յիշատակին։
Ամփոփելով մեր միամեայ գործունէութեան արդիւնքները՝ կրնամ ըսել, թէ շեշտը դրուեցաւ կարեւոր նպատակներու իրագործման վրայ։ Առաջինը կը վերաբերի Սփիւռքի հայկական դպրոցներու ծրագրաւորման արդիականացման հարցին։ Անի Կարմիրեանի միջոցաւ այդ ուղղութեամբ բաւական աշխատանք տարուած է։ Մենք սկսանք Լիբանանով, ուր մեծ թիւ կը կազմեն հայկական դպրոցները եւ մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի մը շնորհիւ սկսանք յստակացնել դըպ-րոցներու կարիքներուն սահմանը, որպէսզի այդ պէտքերու հիման վրայ կարողանանք ապագային ծրագիրներ մշակել եւ օժանդակութիւն ցուցաբերել։ Նոյն սկզբունքը որդեգրեցինք նաեւ հայկական վարժարաններու պարագային Պոլսոյ եւ Ֆրանսայի, ուր նոյնպէս կեանքի կոչուած յատուկ յանձնախումբերը կ՚աշխատին այդ ուղղութեամբ։ Յայտնեմ, թէ մենք կը զբաղինք նաեւ եւրոպական այլ հայաշատ քաղաքներու դպրոցներու հարցերով, բայց կորիզը Ֆրանսա պիտի գտնուի, որովհետեւ այդ գաղութին մէջ աւելի մեծ թիւով դպրոցներ գոյութիւն ունին։
Հարկ է ընդգծել, թէ վերոնշեալ երեք երկիրներու հայկական դպրոցներու արդիականացումը կ՚ընդգրկէ մանկավարժական եւ մեթոտաբանութեան մարզերը։ Մանկավարժութեան ծիրէն ներս պէտք է յիշեմ կարեւոր գիտաժողովը, որ կազմակերպեցինք ԻՆԱԼՔՕ-ի հետ Սեպտեմբեր 21-22-ին, որուն քիչ ետք պիտի անդրադառնամ։
Իսկ մեր նպատակներու երկրորդ բաժինը կ՚առընչուի մասնագիտացումի դաշտին, ուր կը փափաքինք, որ հայերէն լեզուն եւ արդիական մասնագիտացումը զուգահեռ ընթացքով յառաջանան։
Կ՚ուզեմ նշել, թէ բաւական մեծ յաջողութիւն գտաւ մեր կողմէ առաջադրուած «Վիքիփետիա»ի արեւմտահայերէնով ծրագիրը, որ դարձեալ սկսանք Լիբանանի հայաշատ գաղութէն եւ կ՚ուզենք նմանօրինակ տարեկան բանակումներ կազմակերպել այլ շրջաններու մէջ եւս, որովհետեւ երիտասարդները այդ ծրագրով ո՛չ միայն արեւմտահայերէնով կ՚արտայայտուին եւ նիւթերը ընտրելու ազատութիւնը ունին, այլեւ կարելիութիւնը կ՚ունենան աշխարհով մէկ իրարու հետ կապ հաստատելու եւ ընդհանուր ցանց մը գոյացնելու։
Անցնող տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ «Թումօ» կազմակերպութեան հետ գումարեցինք մասնագիտական ժողով մը, որուն մասնակցեցան ճարտարագիտութեան ու լեզուի փորձագէտներ, քննարկելով այն միջոցները, որոնք լեզուն աւելի կը մօտեցնեն ճարտարագիտութեան։ Օրինակի համար՝ ինչպէ՞ս կարելի է մշակել արեւմտահայերէնի ուղղագրութիւնը ստուգող ծրագիր մը (spell checker), արդի հեռաձայններու եւ համակարգիչներու մէջ զետեղելու համար։ Սոյն ժողովին ներկայ 30-35 մասնագէտները դիտել տուին, թէ հոն հասնելու համար նախ պէտք է արեւմտահայերէնով գրութիւններու մարմին (corpus) մը ստեղծել (արեւելահայերէնով արդէն գոյութիւն ունի)։ Այդ առումով յաջորդ շաբաթներու ընթացքին մրցում մը պիտի յայտարարենք, որպէսզի ներկայացուած առաջարկներէն լաւագոյնը ընտրելով նախ մարմինը (corpus) հիմնուի, յետոյ ստեղծուին այնպիսի գործիքներ, որոնց միջոցով կարելի ըլլայ արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան սրբագրիչ մը եւ քերականութիւնը ստուգող սարք մը գոյացնել։ Անշուշտ նման ծրագրի մը գործադրութիւնը երկար ժամանակ կը պահանջէ։ Ըսեմ, որ նման ծրագրեր հաւանաբար կան «շուկայի» վրայ, սակայն անոնցմէ որեւէ մէկը այն մակարդակին չէ հասած, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն արդի հեռաձայնի (smartphone) վրայ բեռնել (download), հետեւաբար այդ ծրագիրը պէտք է հարստացնել, ճոխացնել եւ բարելաւել։ Գիտէք սոյն ծրագիրները իրագործելէ թերեւս մէկ-երկու տարի ետք կրնանք ըսել, թէ «Կիւլպէնկեան»ի միջոցաւ իւրաքանչիւր հեռաձայն հայերէնով ուղղագրական սրբագրիչ (spell check) մը ունի։ Մեր նպատակը հոն հասնիլն է։
Դպրոցական ծրագրերու կապակցութեամբ նախատեսած էինք նորագոյն տեսալսողական մեթոտներով ստեղծել երախաներու համար դաստիարակչական խաղեր, զորս ուսուցիչները եւս կարենան օգտագործել հայերէնի դասընթացքներու ժամանակ։ Այդ խաղերէն քանի մը հատը արդէն լոյս տեսած են եւ մնացեալներն ալ մինչեւ տարեվերջ կը հրատարակուին։ Լաւագոյնները մեր կայքէջին վրայ պիտի զետեղենք։ Նաեւ մշակած ենք առցանց գրական աշխատանոց մը մէջտեղ բերելու ծրագիր, որու միջոցաւ զանազան մարդիկ պիտի կարենան համացանցով հայերէնով գրել ու ստեղծագործել։
Սկսած ենք նաեւ Մխիթարեաններու հանդէսներու հաւաքածոյի թուայնացման գործընթացին, անշուշտ իրենց հետ մօտէն գործակցելով եւ աշխատելով մասնագէտներու խմբակի մը հետ։ Բացի այդ, ընթացքի մէջ է թարգմանութեան ծրագիր մը մշակելու աշխատանքն ալ, որու միջոցով կարելիութիւնը պիտի ունենանք օտար գիրքերն ու բնագիրները հայերէնի թարգմանել, որպէսզի մանաւա՛նդ Հայաստանի մէջ գիտնականներուն եւ ուսանողներուն համար առնուազն 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի դասական գրականութիւնը (առաւել՝ ընկերաբանական տեսաբանական նիւթերը) մատչելի ըլլայ եւ կարդացուի։ Այժմ գիրքերու ցանկը կը պատրաստուի։ Աւելցնեմ, թէ կը փափաքինք նաեւ օտար գրականութիւնն ալ հայերէնի թարգմանելու ծրագիր մը մշակել։ Մօտ ապագային կը հրապարակուի թարգմանութեան յանձնախումբին մաս կազմող մասնագէտներու անուանացանկը։
Հոս կ՚ուզեմ անդրադառնալ հետեւեալ հարցին. Հայաստանէն մեզի ներկայացուած ծրագրերը արհեստագիտական տեսանկիւնէն շատ լաւ էին։ Սակայն լեզուական բաժինը՝ մանաւա՛նդ արեւմտահայերէնի պարագային բարելաւման կարիք ունի, որովհետեւ լեզուն նոյնքան կարեւորութիւն ունի որքան թեքնիկ բաժինը։ Արեւմտահայերէնը ո՛չ միայն պէտք է հասկնալ, այլ նաեւ հոգեպէս ապրիլ։ Հետագային շեշտը պիտի դրուի յատկապէս այս կէտին վրայ։
Մեր կողմէ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի ստեղծուի «Նոր Յառաջ»ի հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով կայքէջը, ինչպէս ըրած ենք Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պարագային։ Այս առումով կ՚օժանդակենք նաեւ «Յուշամատեան»ին՝ հոն զետեղուած նիւթերու թրքերէն թարգմանութեան եւ հայկական դըպ-րոցներու հետ կապ հաստատելու տեսանկիւնէն։
Արդէն ձեր ընթերցողները ծանօթ են, որ «Կիւլպէնկեան»ի մասնակցութեամբ Փարիզի մէջ անցնող օրերուն կազմակերպուեցաւ Գրիգոր Պըլտեանի նուիրուած միջազգային գիտաժողովը, նկատի ունենալով, որ վերջինս արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան մեծագոյն ներկայացուցիչն է։ Ատոր յաջորդեց Սփիւռքի դպրոցներուն համար «Դաստիարակչական նորարարութիւններ» խորագրով 21-րդ դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրներուն նուիրուած երկօրեայ գիտաժողովը (Սեպտեմբեր 21-22-ին), կազմակերպուած մեր հաստատութեան կողմէ, ԻՆԱԼՔՕ-ի մասնակցութեամբ։ Երեսունհինգ մասնագէտներ տասներեք երկիրներէ եւ շուրջ վաթսուն ունկնդիրներ ներկայ էին, առաւել՝ գիտաժողովին կարեւորութիւնը ընդգծելու համար Կիւլպէնկեանի հոգաբարձու մարմնի անդամ Մարթին Եսայեան բացման խօսքը կատարելէ ետք քննարկումներուն մասնակցեցաւ երկու օրերու ընթացքին։ Մենք մասնաւորապէս կ՚ուզենք քաջալերել նորարարութեանց մուտքը հայկական կրթական աշխարհին մէջ։ Կը յուսանք, որ այս ժողովը շօշափելի եւ յստակ առաջարկներ կը ներկայացնէ, որպէսզի խօսքէն ետք այլեւս գործի անցնինք։ Գիտէք, որ մեր ամենէն մեծ խնդիրը այսօր արեւմտահայերէնի նահանջն է եւ հարկ է հրատապ լուծումներ գտնել։ Մէկ բան պէտք է մարդոց մտքին մէջ յստակ ըլլայ, որ «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը ներկայացուած ծրագրերը - յարմար նկատելու պարագային - կը ֆինանսաւորէ, որպէսզի գործադրուին, բայց ատոր համար հրամայական է աշխոյժ մասնակցութիւնը մասնագէտներու, որոնք պէտք է փորձեն, աշխատին եւ առաջարկ ու ծրագիր ներկայացնեն։
Յայտնեմ նաեւ, որ այսօր մեր հաստատութեան հայագիտական բաժանմունքը արդէն ունի իր ամբողջական եօթ հոգինոց կազմը, որ կը համադրէ այս բոլոր աշխատանքները։
Անշուշտ մեր միւս աշխատանքները կը շարունակուին. այսպէս, 1 միլիոն եւրոյի համարժէքով կրթաթոշակներ, հրատարակութիւններու եւ Հայաստանի հանրային ոչ-կառավարական եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններու աջակցութիւն ցուցաբերելով։
-Հայաստանի մէջ սուրիահայերու կացութիւնը հայաշխարհի հրատապ հարցը կը նկատուի։ Ինչպէ՞ս կը համակարգէք պատերազմէն տուժած մեր հայրենակիցներու օժանդակութեան հարցը։
-Զանազան ձեւերով կ՚օգնենք սուրիահայերուն։ Արդէն անցեալ տարուընէ ի վեր կը մասնակցինք Հայաստան հաստատուած ուսանողներու կրթաթոշակներու ծախսերուն։ Նաեւ նախանձախնդիր ենք սուրիահայերու կողմէ արեւելահայերէնի իւրացման կողքին անոնց արեւմտահայերէնի գիտութեան պահպանումին Հայաստանի մէջ։ Սփիւռքի մէջ մենք դէմ առ դէմ կը գտնուինք լեզուական ձուլումի հարցին եւ կը փորձենք լուծումներ գտնել։ Օրինակ՝ ֆրանսահայը երբ ֆրանսերէն կը խօսի, մենք զանոնք հայերէն լեզուին մօտեցնելու ճամբաներ կ՚որոնենք։ Բայց նոյն օրինակով կարելի չէ մօտենալ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն, քանի որ հոն լեզուն հայերէն է, արեւելահայերէն։ Արդեօք հոն նոյն ձեւով կրնա՞նք խօսիլ լեզուական ձուլումի մասին…։ Ըստ իս, բնականաբար՝ ո՛չ։ Հետեւաբար պէտք է խորհիլ, թէ ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի արեւմտահայերէնը մնայ սուրիահայութեան լեզուն ու զարգանայ, հարկաւ՝ արեւելահայերէնին զուգահեռ։ Հայաստանի մէջ սուրիահայ երիտասարդները կ՚ուզեն անմիջապէս արեւելահայերէն խօսիլ, որպէսզի չզանազանուին եւ նմանին միւսներուն։ Արդէն որոշ միջոցներու ձեռնարկած ենք, բայց վերջնական արդիւնքը ժամանակի կը կարօտի։
-Այլ խօսքով սուրիահայութիւնը հայկական միջավայրի մէջ ըլլալով պէտք չէ հրաժարի արեւմտահայերէնէն։ Միաժամանակ ատիկա կ՚ենթադրէ, որ պետութիւնը պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերէ եւ կարենայ դպրոցական ծրագրերու մէջ ընդգրկել արեւմտահայերէնի ուսուցումը։ Ի՞նչ կարծիք ունիք այս հարցին կապակցութեամբ։
-Պէտք է ըսել որ ժողովուրդը ընդհանրապէս գրկաբաց կ՚ընդունի իր հայրենակիցները եւ մանաւա՛նդ Սփիւռքի նախարարութիւնը կը փորձէ անոնց հարցերուն լուծումներ գտնել։ Սակայն այս բոլորէն առաջ, նախ պէտք է փոխուի մտայնութիւնը ա՛յն մարդոց, որոնց համաձայն արեւմտահայերէնը հայերէն չէ…, իսկ ատոր համար հրամայական են պետական միջոցները եւ պետութեան երաշխիքը։ Օրինակ՝ հետեւելով Սփիւռքի նախարարութեան կայքէջի օրինակին, այլ նախարարութիւններ ալ կրնան արեւմտահայերէնը ընդգրկել իրենց ցանցին մէջ, ինչպէս՝ Արդարադատութեան կամ Ֆինանսներու նախարարութիւնները, որոնց կայքէջերէն տեղեկութիւններ կը քաղեն սուրիահայերը։
-Ի՞նչ կ՚ըսէիք «2115» ծրագրին կապակցութեամբ։
-Զեկոյցը շուտով լոյս պիտի տեսնէ։ Երկու ծրագրեր, որոնք մէջբերուեցան ժողովին ընթացքին, արդէն իրագործուեցան. առաջինը՝ ճարտարագիտութիւնը եւ հայերէնի մերձեցումը «Թումօ»ի հետ կազմակերպուած ժողովին նիւթն էր եւ երկրորդը՝ Սեպտեմբեր 21-22-ին «Դաստիարակչական նորարարութիւններ»ուն նուիրուած գիտաժողովը, որ կը վերաբերի արեւմտահայերէնի ուսուցման արդիականացման հարցին։
-Անցեալ տարի Փորթուգալի մէջ հայկական մշակութային շաբաթ մը կազմակերպուեցաւ։ Արդեօք այդ ծրագիրը շարունակութիւն պիտի ունենա՞յ։
-Այդ ծրագիրը երկամեայ բնոյթ պիտի կրէ, որովհետեւ հսկայական աշխատանք մըն է։ Հետեւաբար 2016 Յունիս-Յուլիս ամիսներուն դարձեալ պիտի կազմակերպենք մշակութային շաբաթ մը, որ նախորդէն քիչ մը տարբեր պիտի ըլլայ։ Ձեռնարկը պիտի կայանայ «Կիւլպէնկեան»ի պարտէզներուն մէջ եւ շեշտը պիտի դրուի երիտասարդութեան եւ նորագոյն մշակոյթներու վրայ, ուր հանրութեան պիտի ներկայացուին հայկական մշակոյթի տարբեր երեսները (երաժշտութիւն, գրականութիւն, դասական պար, սինեմա, ինչու չէ նաեւ հայկական ճաշատեսակներ, եւայլն)։
«Կիւլպէնկեան»ը որպէս Սփիւռքի մէջ հիմնուած կազմակերպութիւն, ամէն ջանք կը թափէ, որպէսզի Սփիւռքը կարենայ իր ինքնութիւնը պահպանել։ Այս է մեր գերագոյն նպատակը։