ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖՈՐՈՒՄ
Երեւանի մէջ նախընթաց օր սկսաւ «Ուժանիւթ կայուն զարգացման համար» վեցերորդ միջազգային ֆորումը։ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր այս ժողովի կազմակերպման ուղղութեամբ իրենց նպաստը բերին ՄԱԿ, Եւրոյանձնաժողովը, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման ծրագիրը եւ այլ յառաջատար կառոյցներ։ Հարթակի ժողովներու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեան, որ անդրադարձաւ այս բնագաւառի ներկայ կացութեան եւ զարգացման հեռանկարներով կառավարութեան կողմէ նախատեսուած ծրագրերուն։ Քննարկումներուն տեւողութեան Հայաստանէն եւ արտասահմանէն մասնագէտներ անդրադարձան ուժանիւթի բնագաւառի խնդիրներուն։
Միջազգային սոյն հաւաքոյթը այսօր կ՚եզրափակուի Երեւանի «Մարիոթ-Արմենիա» պանդոկին մէջ։