ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին հեր­թա­կան նիս­տը։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ գլխա­ւո­րեց ժո­ղո­վը, անդ­րա­դար­ձաւ շարք մը հրա­տապ խնդիր­նե­րու։ Ան ցա­ւով ընդգ­ծեց, որ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը հետզ­հե­տէ կը սաստ­կա­նայ։ Այս հանգ­րուա­նին ա­ռաջ­նա­հերթ են սու­րիա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րու անվ­տան­գու­թեան եւ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու պահ­պա­նու­թեան հար­ցե­րը։ Ան կա­րե­ւո­րեց հա­յու­թեան բո­լոր հա­տուած­նե­րու հա­մա­կող­մա­նի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան անդ­րա­դար­ձաւ Սու­րիոյ որ­բա­նո­ցի եւ ծե­րա­նո­ցի պահ­պա­նու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ ծախ­սե­րուն, ո­րոնք պի­տի դի­մագ­րա­ւուին բա­րե­րար­նե­րու կող­մէ։ Ըստ ի­րեն, 2015-2016 ու­սում­նա­կան շրջա­նին պի­տի շա­րու­նա­կուի Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան, Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) եւ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի հա­մա­մա­տա­կա­րար­մամբ սու­րիա­հայ ու­սա­նող­նե­րու վար­ձավ­ճար­նե­րու փոխ­հա­տուց­ման ծրա­գի­րը։ Աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րուին բնա­կա­րան­նե­րու վար­ձե­րու փոխ­հա­տու­ցում­նե­րը ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւէտ եւ ընդգր­կուն կազ­մա­կեր­պե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան տե­ղե­կա­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի կազ­մա­կեր­պուին սու­րիա­հա­յոց ձե­ռա­գործ­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճառ­ներ, ո­րոնց հա­սոյ­թը յա­ւե­լեալ ա­ջակ­ցու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յոց հա­մար։

ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան ներ­կա­յա­ցուց այս կա­ռոյ­ցին կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տանք­նե­րը՝ անդ­րա­դառ­նա­լով սու­րիա­հայ ու­սա­նող­նե­րու վար­ձավ­ճար­նե­րուն, բնա­կա­վար­ձե­րուն, բժշկա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն, զա­նա­զան ելմտա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու փոխ­հա­տուց­ման, ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան հա­մար սար­քա­ւո­րում­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յա­ցուց, որ­պէս­զի ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րուի գե­րա­զանց յա­ջո­ղու­թեամբ ու­սա­նող սու­րիա­հայ ու­սա­նող­նե­րու աշ­խա­տան­քի տե­ղա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

«Ե­րա­խա­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւն» կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Սի­րա­նոյշ Վար­դա­նեան խօ­սե­ցաւ ան­ցեալ տա­րուը­նէ սկսեալ այս կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած՝ սու­րիա­հա­յոց կեն­սա­մա­կար­դա­կի բար­ձաց­ման ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին։ Կազ­մա­կեր­պուած են ա­րագ հա­մարկ­ման, աշ­խա­տան­քի տե­ղա­ւոր­ման, գոր­ծա­րար ծրագ­րի մշակ­ման վե­րա­բե­րեալ հա­ւա­քոյթ­ներ։ Այս կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջոց­նե­րով վե­րա­նո­րո­գուած են մայ­րա­քա­ղա­քի քա­նի մը նա­խակր­թա­րան­նե­րը, ուր կը յա­ճա­խեն սու­րիա­հայ մա­նուկ­ներ։

Հա­յաս­տա­նի Փաս­տա­բան­նե­րու պա­լա­տին ա­նու­նով ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ Զի­նա­ւոր Մեղ­րեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ ան­ցեալ տա­րուան Յու­նուա­րէն ի վեր ի­րենց հաս­տա­տու­թեան կող­մէ սու­րիա­հա­յոց մա­տու­ցուած ի­րա­ւա­բա­նա­կան ա­ջակ­ցու­թեան։ Եր­կու փու­լե­րով ընթա­ցած է այդ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ խորհր­դա­տուու­թիւն եւ ամ­փո­փում։ Զի­նա­ւոր Մեղ­րեան նշեց, որ պատ­րաստուած է հար­ցա­թեր­թիկ մը, որ պի­տի օգ­նէ պար­զել, թէ որ­քա­նով ար­դիւ­նա­ւէտ է ի­րա­կա­նա­ցուած խորհրդա­տուու­թիւ­նը։

Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան բո­լոր պե­տական մար­մին­նե­րու եւ պատ­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի ա­ռա­ւել հո­գա­տա­րու­թեամբ եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն անդ­րա­դարձ կա­տա­րուի իւ­րա­քան­չիւր սու­րիա­հա­յու խնդրին։

Բաց աս­տի, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վեր­ջերս յայ­տա­րարած էր, որ Հա­յաս­տան պատ­րաստ է ըն­դու­նե­լու Սու­րիոյ մէջ մնա­ցած բո­լոր հա­յե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան մաս­նա­ւո­րա­պէս կը կա­րե­ւո­րէ Սու­րիոյ մէջ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու պահ­պա­նու­մը։ Ար­դա­րեւ, մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի բաղ­դատ­մամբ սու­րիա­հայ վար­ժա­րան­ներ յա­ճա­խող ա­շա­կերտ­նե­րուն թի­ւը պակ­սած է շուրջ 60 տո­կո­սով։

Իր կար­գին, Յո­վիկ Էօր­տէ­քեանն ալ յայտ­նած էր, որ Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յոց մե­ծա­գոյն խնդի­րը կը մնայ բնա­կա­րան­նե­րու վարձ­քը։ Ըստ ի­րեն, այս հար­ցի լուծ­ման  հա­մար ՀԲԸՄ-ի բո­լոր մաս­նաճիւ­ղե­րուն մօտ կը հա­ւա­քուին նոր մի­ջոց­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015