ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Եւրոպական ժառանգութեան օրերուն ընդառաջ Երեւանի «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ժառանգութիւնը եւ բնութիւնը. ուրարտական քաղաքները եւ բնական գիւղանկարը» խորագրով նոր ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսը կեանքի կոչուած է Երեւանի քաղաքապետարանի, «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի եւ ԻՔՕՄՕՍ-Հայաստան կազմակերպութեան համագործակցութեամբ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով, բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեան:

Ցուցահանդէսի նպատակն է ընդգծել բնութեան դերն ու նշանակութիւնը ուրարտական ժառանգութեան ստեղծման եւ պահպանման կարեւոր գործին մէջ: Ցուցահանդէսը ներկայացնող պատկերազարդ տեղեկատուական պաստառներուն մէջ ընդգրկուած են շարք մը ուրարտական բնակավայրեր, որոնց օրինակով ցուցադրուած են բնութեան մէջ ուրարտական քաղաքներու տեղադրութեան առանձնայատկութիւնները, բնական գիւղանկարի ճիշդ օգտագործման, պահպանութեան եւ ռազմավարական խնդիրներու համադրութեան սկզբունքները, ինչպէս նաեւ ուրարտացիներու կողմէ ջրանցքներու, արհեստական լիճերու, կամուրջներու կառուցման նշանակութիւնը գիւղատնտեսութեան զարգացման գործին մէջ:

«Ժառանգութիւնը եւ բնութիւնը. ուրարտական քաղաքները եւ բնական գիւղանկարը» ցուցահանդէսի դռները այցելուներու համար բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբերի 29-ը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017