USCIRF-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԵՑԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը հիւրեր։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին ԱՄՆ-ի Միջազգային կրօնի ազատութեան յանձնաժողովի (USCIRF) փոխ-նախագահները՝ Քրիստինա Արիակա տը Պուքհոլս եւ Սանտրա Ժոլի։ Հանդիպման ներկայ էր Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Հիւրերուն կ՚ուղեկցէին քաղաքիս ԱՄՆ-ի հիւպատոսարանէն պաշտօնատարներ։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց յանձնաժողովի առաքելութեան եւ գործունէութեան շուրջ։ Այսպէս, սոյն յանձնաժողովը կը հետաքրքրուի աշխարհի զանազան վայրերէն ներս մարդոց վայելած կրօնական ազատութիւնով՝ հաշուի առնելով, որ սա մաս կը կազմէ մարդկային իրաւանց։ Այցելուները հետաքրքրուեցան նաեւ համայնքային կեանքով։ Տեղապահ սրբազան հայրը համառօտ բացատրութիւններ տուաւ թրքահայ իրականութեան մասին՝ մատնանշելով, որ համայնքի անդամները կը վայելեն կրօնական եւ պաշտամունքի ազատութիւն։ Եկեղեցիներ եւ համայնքային կառոյցներ ի պահանջել հարկին կը վերանորոգուին ու կը բարեզարդուին։ Ան խօսեցաւ նաեւ վերջին տարիներուն կատարուած բարեփոխումներուն շուրջ, որոնց շնորհիւ համայնքապատկան կարգ մը կալուածներու սեփական իրաւունքը վերադարձուած է։

Հիւրերը հետաքրքրուեցան նաեւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացով։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ հանրապետական շրջանին պատրիարքական ընտրութիւնները կատարուած են ըստ մեր աւանդական ընկալեալ կանոններուն։ Պետութեան կողմէ ուղարկուած ընտրական կանոնագրութիւնները համընկնած են մեր աւանդական կանոններուն ու սովորութիւններուն։ Ներկայիս ալ նոյն ուղղութեամբ ներկայացուած է նոր պատրիարքական ընտրութեան դիմում մը, որով սկսած է ընտրական գործընթացը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի խօսքերով՝ այժմ կ՚ակնկալուի կանոնագրութեան մը առաքուիլը։ Տեղապահ սրբազան հայրը վստահութիւն յայտնեց, թէ դիւանակալական ընթացակարգի փուլերէն վերջ պիտի հասնի ակնկալուած կանոնագրութիւնը։

Ամերիկացի հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017