ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ՝ ՀՆԱԳՈՅՆ 800 ԴԱՄԲԱՐԱՆՆԵՐ

Հնագէտները Եգիպտոսի մէջ պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերած են 4 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող 800 դամբարան։ Այսպէս, Եգիպտոսի մէջ հնագէտները յայտնաբերած են հնագոյն դամբարաններ, որոնք ունին աւելի քան 4 հազար տարուան պատմութիւն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ «Egypt Independent»ը: Ուսումնասիրութիւնները կատարուած են Գահիրէի հարաւակողմի հատուածին մէջ՝ Լիշտ հնագոյն շրջանէն ներս: Այդ վայրը յայտնի է հնագոյն գտածոներու յայտնաբերմամբ:

Բուրգերու համալիրի ղեկավար Ատէլ Օքաշի նշած է, որ մասնագէտները արդէն աւարտած են յայտնագործութեան փաստաթղթաւորման գործընթացը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018