ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած վերջին զրոյցին։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու ղեկավարները ԱՊՀ-ի Տուշանպէի գագաթաժողովին ժամանակ ունեցած էին զրոյց մը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ մեկնաբանութեամբ։ Այսպէս, Մոսկուա կ՚ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ամէն տեսակ համաձայնութիւն։ Ռուսական կողմը յոյս յայտնեց, թէ Տուշանպէի զրոյցը պիտի նպաստէ այդ նպատակի իրագործման։

Ըստ նոյն յայտարարութեան, Ռուսաստան պատրաստ է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին միջնորդական աջակցութիւն տրամադրել՝ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018