ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Պրիւքսելի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովը։ Երկօրեայ հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար։ Ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան ՆԱԹՕ-ի տնտեսական բեռը բաժնելու նոր ձեւերը, պաշտպանութեան ու զսպման համակարգերը, Ռուսաստանի վերաբերեալ իրադարձութիւնները, Հիւսիսային Ափրիկէի կացութիւնը, Մերձաւոր Արեւելքի անկայուն վիճակը եւ դաշնակիցներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման հեռանկարները։

Ուխտի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները վերջին անգամ անցեալ յուլիսին ժողով մը գումարած էին եւ այժմ աչքէ կ՚անցընեն այդ ժամանակ առնուած որոշումներու կատարման ընթացքը։ Այս հաւաքին զուգահեռ Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենայ նաեւ ՆԱԹՕ-Վրաստան յանձնաժողովի նիստը։-

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018