ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ԽՏԱՑԵԱԼ ՁԵՒՈՎ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐԵՑԻՆ ՆԱԵՒ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատին վրայ ամբողջ սաստկութեամբ բախումները կը շարունակուին՝ մինչ պատերազմի ընթացքին շուրջ տեղեկութիւններն ալ միշտ հակասական եւ հակադիր պատկեր մը կը ցոլացնեն։ Հայկական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երէկ շարունակեցին սաստիկ հարուածներ հասցնել Արցախին՝ մանաւանդ մայրաքաղաք Ստեփանակերտին, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով հանդերձ։ Նոյն աղբիւրները կը նշեն, որ հայկական կողմը կը յաջողի կասեցնել բոլոր յարձակումները։ Թրքական մամուլի հաղորդումները բոլորովին այլ պատկեր մը կը բնութագրեն։ Այսպէս, Ատրպէյճանի բանակը կ՚արձանագրէ լուրջ յառաջխաղացում մը։ Հայկական զօրքերը կը լքեն դիրքերը եւ ետ քաշուելու ժամանակ վնաս կը պատճառեն Ատրպէյճանի խաղաղ բնակչութեան։ Անշուշտ, հնարաւոր չէ պարզել, թէ հրապարակուած տուեալներուն ինչքանը կը համապատասխանէ իրականութեան։

Ստեփանակերտի վրայ կատարուած յարձակումներու լոյսին տակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբերը՝ Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, որ պիտի տրուի համաչափ պատասխան մը, որու ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ալիեւ ընտանիքը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ երէկ գիշեր յայտարարեց, որ օրուայ ընթացքին Ատրպէյճան օգտագործած է իր զինանոցի ամբողջ տեսականին։ Իր խօսքով՝ վեց օրէ ի վեր, 24 ժամ կ՚ընթանան կռիւներ՝ ցամաքէն եւ օդէն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ պատերազմի ընթացքին շուրջ։ Այսպէս, օտար ահաբեկիչներով համալրուած Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը անկարող եղած են վեց օրուայ մարտերու ընթացքին յաջողութեան հասնիլ ու ձեռնամուխ եղած՝ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ զանգուածային ոճրագործութիւններու իրականացման։

Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի հրապարակումներուն, երէկ գիշերուան դրութեամբ Ատրպէյճանի բանակի զոհերու թիւը գերազանցած է 3 հազարի սահմանը։ Կան նաեւ հազարաւոր վիրաւորներ։ Հայկական կողմը ունի շուրջ 160 զոհ եւ աւելի քան 200 վիրաւոր։ Հայկական կողմը խաղաղ բնակչութեան շարքերէն ալ ունի շուրջ երկու տասնեակ զոհ։

Երէկ գիշերուան դրութեամբ հայկական ուժերը չէզոքացուցած են Ատրպէյճանի 20 ռազմաօդանաւ, 17 ուղղաթիռ, 113 անօդաչու թռչող սարք, 250 հրասայլ կամ զրահապատ զինուորական ինքնաշարժ, 10 զրահափոխադրիչ, 82 զինուորական ինքնաշարժ, 1 «ԹՈՍ» ծանր հրետանային համակարգ, 2 «Սմերչ» եւ 1 «Ուրական», համազարկային կրակի կայանք։

«Էլ Արապիա»ի հաղորդումներով, Արցախի մէջ ցայսօր առնուազն 28 սուրիացի վարձկան սպաննուած է։

«Այսօր կը վճռուի ո՛չ միայն բոլորիս, այլեւ՝ տարածքաշրջանի ճակատագիրը», այս առաւօտ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Արծրուն Յովհաննիսեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2020