ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՀԱՅ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԳՆԴԱԿԱՀԱՐՄԱՆ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Արտակարգ իրավիճակի մը մէջ տեղի ունեցան այս բանակցութիւնները։ Արդարեւ, հանդիպումէն ճիշդ առաջ շրջանառութեան մէջ մտան շարք մը զգայացունց տեսանիւթեր, որոնք կը ցոլացնէին Ատրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներու գնդակահարութիւնը։ Երեւանի ղեկավարութեան բուռն արձագանգին պատճառ դարձաւ այս իրադարձութիւնը։ Թէ՛ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ՛ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւններ հրապարակելով՝ ռազմական յանցագործութիւն որակեցին այս ծանր երեւոյթը։ Միջազգային հարթութեան վրայ ալ եղան արձագանգներ։

Ուրեմն, Միրզոյեան-Պայրամով Ժընեւի հանդիպումը այսպիսի ծանր համայնապատկերի մը վրայ տեղի ունեցաւ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Միրզոյեան վերահաստատեց հայկական կողմին դիրքորոշումը՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն Ատրպէյճանի զօրքերու դուրսբերման եւ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման վերաբերեալ։ Կարեւորուեցաւ սահմանային իրավիճակի վերահսկման համար միջազգային դրութիւններու հաստատումը։ Միրզոյեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւնները յստակ գնահատական պէտք է ստանան միջազգային ատեաններու կողմէ, իսկ յանցագործները՝ պատասխանատուութեան պէտք է ենթարկուին։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման վերաբերեալ՝ ներառեալ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու դրութեան մը ստեղծման միջոցաւ։ Դրական գնահատուեցաւ երկուստեք փոխըմբռնումը, թէ տարածաշրջանային փոխադրութեան ուղիները պէտք է ապաշրջափակուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ։

Պաքուի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ հաշուի առնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման բացակայութեան հետեւանքով յառաջացած լարուածութիւնը՝ Պայրամով Միրզոյեանին առաջարկած է սահմանազատման երկկողմանի յանձնաժողովի յաջորդ նիստը գումարել ո՛չ թէ նախապէս ծրագրուած ձեւով նոյեմբերին, այլ՝ հոկտեմբերին։

Արարատ Միրզոյեան Ճէյհուն Պայրամովի հետ տեսակցելէ առաջ Ժընեւի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահներուն՝ Ֆիլիփ Ռիքերի եւ Պրիս Ռոքֆոյի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ։

Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել, ուր շփումներ կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի շրջանակներէն ներս։ Այսպէս, ան կը մասնակցի դաշինքի անդամ երկիրներու մշտական ներկայացուցիչներու տեղակալներու կոմիտէի ժողովին։

ՔԱԼԸՆ-ՍԱԼԸՎԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երեւան-Պաքու առանցքի իրադարձութիւնները կը շարունակեն միջազգային յառաջատար դերակատարներու ալ ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնները այս ամբողջին մէջ մշտապէս շփման մէջ են իրարու հետ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Ամերիկեան կողմը հաղորդեց, որ անոնք քննարկած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն աջակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այս քննարկումը կու գայ նախորդել յառաջիկայ օրերուն Փրակի մէջ նախատեսուած Էրտողան-Փաշինեան հանդիպման։ Ի դէպ, Էրտողանն ալ շաբաթավերջին այս հանդիպման հաւանականութեան մասին խօսեցաւ՝ Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանի բացման նիստին ունեցած ելոյթին ժամանակ։

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաույի հետ։ Կը հաղորդուի, որ կողմերը քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւն մը ուղարկելու վերաբերեալ հարցեր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2022