ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան միջավայրը կը շարունակէ ծայր աստիճան մեծ ռիսքեր ներկայացնել Հայաստանի տեսակէտէ։ Երկրի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ընդհանրապէս պետութեան գոյատեւման տեսակէտէ ստեղծուած պատկերը գերզգայուն տեսք մը ունի հայկական կողմին տեսակէտէ։ Արցախի ամբողջական հայաթափումէն վերջ, այժմ մտահոգ սպասումները կը շարունակուին Երեւանի ապագայ հաւանական քայլերուն տեսակէտէ։ Առկայ բարդ պայմաններուն ներքեւ հայկական կողմը կը փորձէ շփումներու ընդմէջէն նոր պատուհաններ ապահովել՝ մինչ վրայ հասած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Կրանատայի ժամադրութեան թուականը։ Այս հինգշաբթի՝ հոկտեմբերի 5-ին անոնք պիտի տեսակցին հնգակողմանի ձեւաչափով՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի։ Թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու դրական սպասումներ կ՚արտայայտեն այս գագաթաժողովին ընդառաջ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն որոշ առիթներով յայտնեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Բաց աստի, ան յոյս յայտնեց, թէ Կրանատայի հանդիպումը կը խթանէ խաղաղութեան հաստատման գործընթացը։ Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ յայտնեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան հաստատմամբ։ Կրանատայի հանդիպումը թէեւ Արեւմուտքի միջնորդութեամբ է, սակայն, նախօրէին Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովն ալ յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը կը շարունակէ մնալ արդիական հարց։
Այսօր, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը հիւրընկալէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան, որու շփումները կը զուգադիպին Կրանատայի հանդիպման ճիշդ նախօրեակին։ Երէկ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, ան յայտնած է, որ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի կողքին է՝ Արցախէն տեղահանեալներու օգնելու հարցին մէջ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ մէկտեղուեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի փոխ-վարչապետներ Մհեր Գրիգորեան եւ Տիգրան Խաչատրեան։ Անոնք օտարերկրեայ դիւանագէտներուն բացատրութիւններ տուին վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ աւարտեց Թեհրանի շփումները, որոնց վերջին փուլին տեսակցեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ անհրաժեշտ է յարգել տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը։
Մինչ այդ, Ատրպէյճանի թոյլտուութեամբ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը երէկ այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Սա շուրջ երեք տասնամեակ վերջ պատահած իրադարձութիւն մըն էր։ Երէկ, Արարատ Միրզոյեան Երեւանի մէջ օտարերկրեայ դիւանագէտներու հետ զրուցելու ընթացքին ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը կրնայ միայն արձանագրել, թէ Լեռնային Ղարաբաղը հայաթափուած է։ Յամենայնդէպս, ՄԱԿ-ի առաքելութեան այցելութեան զուգահեռ կատարուած արձանագրութիւնը չգոհացուց Երեւանը։ Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան քննադատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութեան կողմէ օրինականացուած են Ատրպէյճանի յանցագործութիւնները։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիքն ալ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրնայ 50 հազար էթնիք հայ մնացած ըլլալ։ Ըստ իրեն, ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած է բնակիչներու, համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած է առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներու իրավիճակին։
Կրանատայի բանակցութիւններուն ընդառաջ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ լարուածութիւնն ալ կը շարունակուի։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանին մաս դարձնելու որոշումը առնուած է Նիկոլ Փաշինեանի անմիջական մասնակցութեամբ։ «Երեւանի գործընկերներու յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, Վլատիմիր Փութին 2020 թուականի նոյեմբերին պատերազմը դադրեցնելու մասին համաձայնագիրը ստորագրելով՝ ստիպած է Փաշինեանը Ղարաբաղը յանձնել Ատրպէյճանին, սուտ են», ըսաւ Լաւրով ու կրկնեց վերջին շրջանին Մոսկուայի կողմէ յաճախ մատնանշուած հիմնաւորումները։