ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ այսօր կը սկսի երկօրեայ գիտաժողով մը, որ խորագրուած է՝ «Ժառանգութեան պահպանութիւն յանուն կայուն ապագայի»։ Հայաստանի Ազգային գրադարանի՝ պետական կարգավիճակ ստանալու 105-րդ տարեդարձին կը զուգադիպի այս նախաձեռնութիւնը, որու նպատակն է միաւորել ոլորտի յառաջատար եւ երիտասարդ մասնագէտները ամբողջ աշխարհէն՝ դառնալով հարթակ գրադարանային, թանգարանային, արխիւային, հրատարակչական ու յարակից ոլորտներու միջազգային փորձառութեան փոխանակման։ Գիտաժողովը միտուած է նաեւ արդի խնդիրներու քննարկման, նորարարութիւններու ներկայացման, ինչպէս նաեւ միջազգային ձեւաչափերու, կառավարման համակարգերու, թեքնոլոժիք ներդրման փորձառութեան։

Գիտաժողովի ծրագրին վրայ ընդգրկուած է շուրջ 100 մասնագէտի զեկուցում՝ աշխարհի 20 երկիրներէ 64 կազմակերպութեան կողմէ։

Այս գիտաժողովին զուգահեռ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ գրադարանային ընկերակցութեան համաժողով-նիստը։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան երէկ գործակալութեան սրահին մէջ մասնակցեցաւ մամլոյ ասուլիսի մը, որու մասնակիցները մեկնաբանեցին՝ գրադարանի եւ գրադարանային գործի մասին օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, որոնք գրադարաններուն համար հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ձեռնարկատիրութեամբ զբաղելով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2024