ՀԱՍՑԷԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը այս շրջանին դարձեալ թափ կու տայ իր գործունէութեան։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժումը երէկ երեկոյեան հանրահաւաք մը կազմակերպեց Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ գլխաւորութեամբ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի։ «Մեզի անընդհատ կը հարցնեն, թէ ի՞նչ ծրագիր ունինք։ Մեր ծրագիրը՝ որպէս հիմնական ուղղութիւն այս չարիքէն ազատուիլն է ու զայն վռնտելը։ Մենք պիտի որոշենք, թէ ինչքա՛ն կը տեւէ։ Այստեղ կ՚որոշենք, թէ մեր յաջորդական ընթացքը ի՛նչ պիտի ըլլայ», ըսաւ Բագրատ սրբազան։

Հանրահաւաքի օրը ան նշեց, որ վարչապետի թեկնածուի հարցը մահ ու կենաց խնդիր մը չէ։ Արդարեւ, վարչապետի թեկնածուի պարագան պայմանական է։ «Այստեղ հարցը պետութիւնն է։ Եթէ կան մարդիկ, որոնք թէ՛ վարչապետի թեկնածու են եւ թէ կ՚ուզեն այլ հանգամանքներով ներգրաւուիլ, անշուշտ, թող ըլլան», մատնանշեց ան։

Հանրահաւաքէն վերջ ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան շէնքը՝ պահանջելով եթերի իրաւունք։ Ընդարձակ համալիրին շուրջ ոստիկանութիւնը շատ խիստ անվտանգութեան միջոցներ ձեռք առած էր։ Հանրային հեռուստակայանը որոշեց ընդառաջել ընդդիմութեան պահանջին եւ եթերի հրաւիրեց Բագրատ սրբազանը կամ ընդդիմադիր շարժման այլ ներկայացուցիչ մը։ Ի վերջոյ Բագրատ սրբազանն ալ ընդունեց հեռուստատեսութեամբ հանդէս գալու առաջարկը։ Ան Հանրային հեռուստակայանէն խօսք ուղղեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ ըսաւ. «Այս չարիքի իշխանութիւնը վերջ պիտի գտնէ»։ Սրբազանը պնդեց նաեւ, որ խորքին մէջ Փաշինեան կառավարութիւն չէ։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2024