ՄԱԹՎԻԵՆՔՈՅԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Երեւան կատարած երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան շրջագծով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, Վալենթինա Մաթվիենքօ տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի, Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան եւ Մաթվիենքօ քննարկեցին հայ-ռուսական բազմաբնոյթ օրակարգն ու երկկողմանի ռազմավարական գործընկերութիւնը աւելի խորացնելու եւ ամրապնդելու ուղղեալ հետագայ քայլերը, այդ ամբողջին մէջ օրէնսդիր մարմիններու դերակատարութիւնով հանդերձ։ Զրուցակիցները նոյն շրջագծով բարձր գնահատեցին Հայ-ռուսական միջխորհրդարանական յանձնաժողովին գործունէութիւնը։
Վալենթինա Մաթվիենքօ Երեւանի մէջ սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին պատասխանեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու բազմաբնոյթ հարցումներուն։ Ըստ իրեն, Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան՝ չի խոչընդոտեր այլ կառոյցներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը։ Մաթվիենքօ համոզուած է, թէ Հայաստան կրնայ բարձրացնել իր դերակատարութիւնը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան մօտ։
Բաց աստի, Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը Երեւանի մէջ ընդգծեց, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ իր ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Մաթվիենքօ ցաւ յայտնեց, որ կարգաւորման գործընթացին մէջ կ՚ապրուի դանդաղութիւն, սակայն այս հակամարտութիւնը անհրաժեշտ է կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով։