ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԽԹԱՆՆԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Թիֆլիզ կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջագծով ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացեալ պատուիրակութեան մը ուղեկցութեամբ, Սերժ Սարգսեան Թիֆլիզի իշխանութիւններուն հետ բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեց հայ-վրացական համագործակցութեան զարգացման եւ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Թիֆլիզի մէջ ան տեսակցեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, Խորհրդարանի նախագահ Տաւիտ Ուսուպաշվիլիի եւ Վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Սարգսեան եւ Մարկվելաշվիլի Թիֆլիզի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան եւ Կէորկի Մարկվելաշվիլի քննարկեցին հայ-վրացական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն օրակարգը, նախանշեցին այդ մէկը յառաջ մղելու նոր հեռանկարները, անդրադարձան քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ ընթացիկ ծրագրերու։ Երկու նախագահները երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով փոխադարձ շահաւէտ նախագծերու իրականացման համար կարեւորեցին համարկման զանազան գործընթացներու շրջանակներէ ներս Հայաստանի եւ Վրաստանի շարունակական համագործակցութիւնը։ Սարգսեան եւ Մարկվելաշվիլի կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին տարածքաշրջանի կայուն, խաղաղ եւ անվտանգ զարգացման կարեւորութիւնը, ներառեալ այդ ուղղութեամբ եւս համագործակցութիւնը։
Իր վրացի պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Պէտք է գոհունակութեամբ փաստեմ, որ վերջին տարիներուն հայ-վրացական յարաբերութիւնները աշխոյժ զարգացում ապրած են ու թեւակոխած՝ որակական նոր փուլ։ Մեր երկիրներուն միջեւ կ՚ընթանայ բարձր մակարդակի աշխոյժ քաղաքական երկխօսութիւն եւ փոխադարձ այցելութիւնները իմ խօսքերուն վառ վկայութիւնն են։ Կը կարեւորեմ նաեւ այն հանգամանքը, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը կ՚իրականացուի փոխադարձ լիակատար վստահութեան պայմաններու ներքեւ։ Մենք քննարկեցինք նաեւ այն ռազմավարական բնոյթով նախագծերը, որոնց երկուստեք ձեռնամուխ եղած ենք։ Կը փափաքիմ կարեւորել Բագրատաշէն-Սատախլօ սահմանային «Բարեկամութեան կամուրջ»ի շինարարութիւնը։ Վստահ եմ, որ համատեղ ջանքերով մենք այս ու մնացեալ բոլոր ծրագրերը յաջողութեամբ պիտի հասցնենք աւարտին՝ այսպէսով իսկ յաւելեալ խթաններ ստեղծելով մեր երկիրներու յառաջընթացին եւ տնտեսական վերելքին համար։ Աներկբայ է, որ թէ՛ Հայաստան եւ թէ Վրաստան բաւարար ներուժ ունին խորացնելու տնտեսական համագործակցութիւնը՝ իրագործելով միջպետական փաստաթուղթերով ամրագրուած իրենց պարտաւորութիւնները։ Աւելի՛ն, հաւատացած եմ, որ մեր երկիրներու ներգրաւումը տարբեր համարկման կառոյցներու մէջ ոչ միայն չեն խոչընդոտեր, այլեւ կ՚աւելցնեն մեր համակողմանի համագործակցութեան հնարաւորութիւնները՝ նոր հորիզոններ ուրուագծելով երկկողմանի եւ բազմակողմանի փոխշահաւէտ ծրագրերու իրակացման համար»։
Սարգսեան մատնանշեց, թէ քննարկուած են նաեւ տարածքաշրջանային նշանակութեամբ հարցեր, որոնց պարագային գոյութիւն ունի փոխադարձ ըմբռնում, ինչ որ առաջին հերթին պայմանաւորուած է հայ-վրացական եղբայրութեան գերակայութեան գիտակցութեամբ եւ երկարաժամկէտ մտածելու կարողութեամբ։
Սերժ Սարգսեան Իրակլի Ղարիպաշվիլիին հետ ալ ունեցած զրոյցին ընթացքին շօշափեց շարք մը կարեւոր հարցեր։ Անոնք գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ աւանդական բարիդրացիութեան, երկու երկիրներու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ պատմական հիմքի վրայ խարսխուած շփումները, նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը լուրջ նախադրեալներ կը ստեղծեն գործընկերութեան նորանոր ուղղութիւններ նախանշելու համար։ Թէ՛ Սարգսեան եւ թէ Ղարիպաշվիլի կարեւորեցին տարածքաշրջանային նշանակութեամբ ենթակառուցուածքային, ներառեալ ուժանիւթի բնագաւառի ծրագրերու իրականացումը, ինչ որ զգալիօրէն պիտի խթանէ երկկողմանի տնտեսական կապերու ամրապնդումը ու պիտի նպաստէ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճին։ Անդրադառնալով համարկման գործընթացներուն երկու երկիրներու մասնակցութեան՝ Սարգսեան եւ Ղարիպաշվիլի մատնանշեցին անոնց զիրար լրացնող բնոյթը, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքային ծրագրերը փոխկապակցելու կարեւորութիւնը։