ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՈՒԹ ԹԵԿՆԱԾՈՒ՝ ՖԻՖԱ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
2016 թուականի Փետրուարի 26-ին, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ գտնուող ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
Թեկնածութեան վերջին պայմանաժամը աւարտած ըլլալով Հոկտեմբերի 26-ին, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ութ անձեր առաջադրուած են այդ պաշտօնին համար պայքարելու:
ՖԻՖԱ-ի նախագահի պաշտօնին համար պայքարը պիտի ընթանայ հետեւեալ ութ անձերուն միջեւ.
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ՝ Միշէլ Փլաթինի, ՈՒԷՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Ճիաննի Ինֆանթինօ, Ասիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ՝ շէյխ Սըլման Իպրահիմ Պըն Իպրահիմ Խալիֆա, ՖԻՖԱ-ի փոխ-նախագահ, Յորդանանի արքայազն՝ Ալի Պըն Հիւսէյին, Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախարար՝ Թոքիօ Սեքսուալ, ՖԻՖԱ-ի գլխաւոր քարտուղարի նախկին տեղակալ՝ Ժըրոմ Շամփանյը, Լիպերիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ՝ Մուսա Պիլիթի եւ Թրինիտատի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին խմբապետը՝ Տէյվիտ Նաքիտ։