ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՇՓՄԱՆ ՄԷՋ ԵՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕ-է ներս Թուրքիա կը հանդիսանայ այն միակ երկիրը, որ պատժամիջոցներ չի կիրարկեր Ռուսաստանի դէմ։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ դժուար օրերուն Ռուսաստան ապացուցանած է, որ իսկական բարեկամ մըն է։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու հար-ցազրոյց մը տուաւ ռուսական «Ռոսիա-24» պետական հեռուստակայնին եւ այս առթիւ ընդգծեց, որ Անգարա եւ Մոսկուա ջանքեր կը գործադրեն՝ որպէսզի Սուրիոյ մէջ ժամ առաջ հաստատուի հրադադար։ Նախարարին խօսքերով, ահաբեկչական խմբաւորումներն ու չափաւոր ընդդիմութիւնը պէտք է զանազանուին։ Չավուշօղլու մատնանշեց, որ Թուրքիա յաւակնութիւններ չունի իր հարեւաններու տարածքներուն համար։ Անդրադառնալով 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման փորձին՝ նախարարը ընդգծեց, թէ այդ դաւադիր գործի պարագլուխին Միացեալ Նահանգներու՝ այսինքն դաշնակից երկրի մը մէջ գտնուիլը անընդունելի է Թուրքիոյ տեսակէտէ։
Ծաւալուն հարցազրոյցի ընթացքին Չավուշօղլու խօսեցաւ նաեւ «Թըր-քական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի կառուցման ծրագրին շուրջ։ Ըստ իրեն երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ գոյութիւն չունի վստահութեան ճգնաժամ մը։ Վերոյիշեալ խողովակաշարը առաջնահերթօրէն թիրախաւորած է թրքական շուկան։ Փոխան արեւմտեան ուղղութեան՝ Թուրքիա կազ պիտի ստանայ «Թրքական հոսք»ին միջոցաւ։ Թուրքիոյ մէջ տնտեսութիւնը կը մեծնայ, բնական կազի պահանջարկը կ՚աւելնայ եւ երկիրը այդ պահանջարկին 50 տոկոսը կը դիմագրաւէ Ռուսաստանէն մատակարարուած բնական կազով։ Քարիւղի կամ կազի բնական պաշարներ չունենալով հանդերձ՝ ուժանիւթի պարագային Թուրքիա դարձած է տարանցիկ վստահելի երկիր մը։ Ըստ Չավուշօղլուի, Ռուսաստան մտադիր է նաեւ բնական կազ արտածել դէպի Եւրոպա։ Եթէ համապատասխան շուկայ մը ձեւաւորուի եւ գոյանան պահանջ ներկայացնող երկիրներ կամ ընկերութիւններ, ապա այդ ժամանակ պիտի կառուցուի երկրորդ խողովակաշար մը՝ «Թրքական հոս-ք»ին զուգահեռ։ Այդ կազն ալ Թուրքիա վրայով պիտի տեղափոխուի դէպի Եւրոպա։ Այս նիւթին շուրջ որեւէ տարաձայնութիւն գոյութիւն չունի։ Այժմ հիմնական նպատակն է առաջին խողովակաշարի կառուցումը։ Չավուշօղլու յիշեցուց, թէ համապատասխան փաստաթուղթը մօտաւոր անցեալին Էրտողանի եւ Փութինի ներկայութեամբ ստորագրուած էր Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային ուժանիւթի ֆորումին ընթացքին։