ԽԱՉԱՏՈՒՐՈՎ ՊԱՇՏՕՆԱԶՐԿՈՒԱԾ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնէն ազատ արձակուեցաւ Եուրի Խաչատուրով։ Այս վերջնոյն պաշտօնազրկման հարցը միջոցէ մը ի վեր արդէն օրակարգի վրայ էր։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի իշխանափոխութենէն վերջ վերաբացուած է 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ պատահած արիւնալի դէպքերու վերաբերեալ թղթածրարը։ Տասն զոհեր խլած այդ դէպքերու հարցաքննութեան ծիրէն ներս դատական գործ մը յարուցուած է նաեւ Եուրի Խաչատուրովի պարագային։ Վերջերս Հայաստանի դատական մարմինները վճիռ արձակած էին անոր կալանաւորման ուղղութեամբ։ Հաշուի առնելով, որ Եուրի Խաչատուրով միջազգային կազմակերպութեան մը մէջ ունէր պարտականութիւն՝ դատական մարմինները փրկագին մը սահմանած էին իր պարագային։ Այժմ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պաշտօնազրկած է Եուրի Խաչատուրովը՝ ՀԱՊԿ-ի դաշնակից երկիրներու հաւանութեամբ։ Յառաջիկայ շրջանին ՀԱՊԿ պիտի ունենայ նոր ընդհանուր քարտուղար մը։ Երեւանէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ երէկ հաղորդեցին, որ կան այդ պաշտօնին համար այլ թեկնածուներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 3, 2018