ՆՈՐ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական  ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ աւարտեցին իրենց ուղեւորութիւնը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնք համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի իրենց վերջին շփումներու լոյսին տակ։

Համանախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ այցելութեան հիմնական նպատակն էր քննարկել սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի գագաթաժողովին ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած զրոյցի արդիւնքները, նախանշել ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ յետագայ քայլերը եւ գնահատել ներկայ իրավիճակը։ Համանախագահները ընդգծեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ խտացեալ բանակցութիւններու յառաջ տարուիլը եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի պահպանման կարեւորութիւնը։ Եռանախագահներու յայտարարութեան մէջ մատնանշուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով համաձայնած են դարձեալ հանդիպելու համար մինչեւ տարեվերջ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները Երեւանի եւ Ստեփանակերտի վերջին շփումներէն վերջ ուղեւորուած էին դէպի Պաքու, ուր հանդիպումներ ունեցան Իլհամ Ալիեւի եւ Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ալիեւ միջնորդներուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ վիճակն ու հեռանկարները։

Այժմ, երբ միջնորդներու տարածքաշրջանային այցելութիւնը վերջացած է, արդէն նոր երկխօսութեան մը հեռանկարը ուրուագծուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի պարագային։ Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահը՝ Իկոր Փոփով տեղեկացուց, որ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի միջեւ յառաջիկայ տեսակցութիւնը նախատեսուած է դեկտեմբերին։ Իկոր Փոփով այս կապակցութեամբ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Մենք յոյս ու նինք, թէ յաջորդ ամիս տեղի կ՚ունենայ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որու ընթացքին պիտի քննարկուին կարգաւորման առանցքային հարցերն ու վստահութեան ամրապնդման այն միջոցները, որոնք կրնան ընդունուիլ՝ հաշուի առնելով իրավիճակը. հաշուի առնելով, որ ինչպէս պիտի կառուցուին երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ փոխյարաբերութիւնները։ Սկզբունքային առումով մենք հասկցած ենք, որ կայ բարձր մակարդակով երկխօսութիւնը շարունակելու ցանկութիւն»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէրը։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Մոսկուայի մէջ Լաւրով եւ Կրեմինկէր սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին պատասխանեցին նոյն նիւթին վերաբերեալ հարցումներու։ Լաւրովին հարցում մը ուղղուեցաւ՝ բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղը եւս վերստին ներգրաւելու հարցին շուրջ։ Ի պատասխան ռուս նախարարը ըսաւ, որ բանակցային ձեւաչափը փոխարինելու համար պէտք է երկու կողմերու համաձայնութիւնը, ինչ որ այս պահուն գոյութիւն չունի։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Լաւրով ընդգծեց նաեւ, որ վերջին տարիներուն համանախագահները մեծ ջանքեր գործադրած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ 

Բաց աստի, Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական իրավիճակը տակաւին չէ կայունացած, ուստի ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ համաձայնութեան մը գոյանալը դժուար թէ հաւանական ըլլայ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 3, 2018