ԳԱԳԱԹԻ ՎՐԱՅ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, այս զրոյցներու ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ հարցերը։ Հեռախօսազրոյցները տեղի ունեցան նոյեմբերի 1-ին եւ 2-ին՝ համապատասխանաբար։ Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն հրապարակային ելոյթներով անդրադարձած էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին ու նշած էր, որ ամէն օր քանի մը անգամ կը խօսի Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ։

Այս հեռախօսազրոյցները տեղի ունեցած են՝ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ շաբաթավերջին Վլատիմիր Փութինին ուղարկուած նամակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Փաշինեան այդ նամակով ակնկալած էր գիտնալ, թէ առկայ պատերազմական կացութեան մէջ Ռուսաստան ի՞նչ օգնութիւն ցուցաբերելու մտադիր է Հայաստանին՝ դաշնակցային պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ։ Փաշինեան ուշադրութիւն հրաւիրած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքն ալ կ՚ենթարկուի ոտնձգութիւններու։ Մոսկուան ալ անմիջապէս արձագանգած էր այդ նամակին՝ տեղեկացնելով, որ պատրաստ է Երեւանին ամէն օժանդակութիւն ցուցաբերելու՝ եթէ Հայաստանի տարածքը յարձակումներու ենթարկուի։

Ուրեմն նախագահներու հեռախօսազրոյցները տեղի ունեցան համապատասխան միջավայրի մէջ։ Այդ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցան նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի Պաքու այցելութիւնները։ Վերջին օրերուն հրապարակուեցան նաեւ վիճակագրական տուեալներ, ըստ որոնց Թուրքիա շեշտակիօրէն աւելցուցած է դէպի Ատրպէյճան ռազմական արտադրանքի արտածումը։ Այսպէս, վերջին ամսուան ընթացքին Ատրպէյճան 101 միլիոն 209 հազար ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ պաշտպանական կամ ռազմաօդային արտադրանք ներածած է Թուրքիայէն։

Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի զուգահեռ Իլհամ Ալիեւ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Պաքու-Մոսկուա յարաբերութիւններուն շուրջ։ Ըստ իրեն, որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր՝ Ռուսաստան պարտաւոր է չէզոքութիւն պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ։ Ըստ Ալիեւի, Հայաստանի վարչապետին կողմէ Ռուսաստանի նախագահին օգնութեան համար կատարուած դիմումը անընդունելի է։ Ան հերթական անգամ պնդեց, որ Ատրպէյճան պատրաստ է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները՝ պայմանաւ, որ Հայաստան հեռացնէ զինեալ ուժերը գրաւեալ տարածքներէն։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՌՈՒՏԵՆՔՕ

Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոն ալ երէկ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան մեկնաբանեց նախօրէին Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ռապըրթ Օպրայենի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկը, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս սկանտինաւեան խաղաղապահներ կրնան տեղադրուիլ։ Ռուս փոխ-նախարարը երէկ այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ Մոսկուա ամբողջական տեղեկատուութիւն չունի այս գաղափարի մասին։ Յամենայնդէպս, բոլոր չափորոշիչները պէտք է համաձայնեցուին հակամարտ կողմերուն հետ։ Ռուտենքօ ըսաւ. «Ինչպէս դուք, մենք ալ գիտենք միայն այն ինչ, որ ըսած է Օպրայենը»։ Ան շարունակեց. «Ամերիկացիներուն պէտք է հարցնել, թէ ուրկէ՞ ստացած են այդ առաջարկներն ու գաղափարները։ Հաւանական դրութեան մը համար անհրաժեշտ բոլոր չափորոշիչները պէտք է համաձայնեցուին հակամարտ կողմերու հետ խորհրդակցութենէ վերջ»։

ԹԵՀՐԱՆ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴԻՐ

Միւս կողմէ, Թեհրանն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Արցախի լայնածաւալ պատերազմին։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Ան դարձեալ ակնարկեց Ատրպէյճանի զօրքերու շարքին Մերձաւոր Արեւելքէն ընդգրկուած վարձկաններու խնդրին։ «Իրան ահաբեկիչներու հարցով ոեւէ մէկուն հետ հաշուի պիտի չնստի», ըսաւ բանբերը եւ աւելցուց, որ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչին ալ վերջին ուղեւորութեան ժամանակ շահագրգիռ բոլոր կողմերը զգուշացուցած է այս մասին։ Սա միջազգային բեմահարթակի հերթական տագնապներէն մին է, որու կապակցութեամբ Իրան կը գիտակցի, թէ իր դիրքորոշումներն ու նպատակները կը համընկնին Ռուսաստանի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային ալ Մոսկուա եւ Թեհրան կրկին միասին պատմութիւն մը կը գրեն։ Փութին եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ստիպուած են մեծ ջանքեր գործադրելու, որպէսզի հակամարտ կողմերուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատուի։ Անոնք պարտաւոր են այդ նպատակին հասնելու՝ թէեւ ոչ բացայայտ, սակայն, հաւասարակշռելով Անգարայի ազդեցութիւնը։ Մեծ հաշուով, ըստ քաղաքական մեկնաբաններու, Իրանի եւ Ռուսաստանի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ջանքերով եթէ կարելի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին համար լուծման մը հասնիլ, ապա տարածքաշրջանը ծանր բեռ մը թօթափած պիտի ըլլայ։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2020