ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ. «ՉԷ՞Ք ՀԱՍԿՑԱԾ, ԹԷ ՓՈՒԹԻՆ ԻՆՉ ԸՍԱԾ Է»
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի շփումները կը շարունակեն առանցքային նշանակութիւն ներկայացնել։ Այս հանգամանքը բոլորովին նոր իմաստ մը ստացած է շաբաթավերջէն ի վեր, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ օրակարգի վրայ բերելով դաշնակցային պատասխանատուութիւններու ծիրին մէջ Հայաստանին ցուցաբերուելիք օգնութեան յստակեցման հարցը։ Ռուսական կողմի պատասխանն ալ հնչեց արագ։ Մոսկուա տեղեկացուց, որ պատրաստ է ամէն աջակցութիւն ցուցաբերելու Երեւանին՝ եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը ենթարկուի յարձակման։ Այս պատասխանը լայն արձագանգ ստեղծած է հայկական կողմին մօտ եւ առարկայ դարձած՝ բազմակողմանի քննարկումներու։ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւս վերջին օրերուն իր տեսակէտը արտայայտեց այս կապակցութեամբ։ «Փութին ամենայն անկեղծութեամբ ու պարկեշտութեամբ ընդամէնը ըսած է՝ պարտաւորուած եւ պատրաստ եմ ապահովելու Հայաստանի լիակատար անվտանգութիւնը, բայց վերջապէս հասկցէք, ես Ղարաբաղի հարցը ձեր փոխարէն լուծողը չեմ», նշած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեան մեկնաբանութեան մէջ։ «Չէ՞ք հասկնար, թէ ան ինչ ըսած է։ Եթէ սա ալ չէք հասկնար, ապա վա՜յ մեզի», աւելցուցած է Տէր-Պետրոսեան, որ կը պատրաստուէր իր յաջորդին՝ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ Մոսկուա այցելել՝ ռուսական քաղաքական վերնախաւին հետ քննարկելու համար Արցախի իրավիճակը։ Այդ այցելութիւնը յետաձգուած է՝ Ռոպերթ Քոչարեանի մօտ քորոնաժահրի ախտաճանաչումով։
Հայկական կողմէն պաշտօնատարներ ալ այս իրադարձութեան արձագանգեցին շաբաթավերջին։ Հայաստանի Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան շաբաթավերջին «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարեց. «Ռուսական կողմը կ՚ըսէ, որ քննարկումները արդէն սկսած են»։ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանն ալ նոյն նիւթին կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան։ Ըստ իրեն, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջպետական համաձայնագրին համապատասխան՝ խօսքը կը վերաբերի անյապաղ խորհրդակցութիւններ իրականացնելու։ «Մենք կը կարծենք, թէ սպառնալիքը արդէն մեր սահմաններուն մօտ է եւ որոշ պարագաներով՝ մեր տարածքին մէջ։ Այս իսկ պատճառով մենք կը կարծենք, թէ կրնանք հիմնուիլ երկկողմ համաձայնագրին վրայ։ Խօսքը խորհրդակցութիւններու մասին է, որպէսզի յստակեցուին անհրաժեշտ օգնութեան ծաւալը, տեսակը եւ միւս հարցերը», ըսաւ Տողանեան եւ աւելցուց, որ Երեւան կրնայ ռազմական աջակցութիւն խնդրել Մոսկուայէն։
Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ անդրադարձաւ նոյն նիւթին։ Ըստ իրեն, ռուսական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումը կը յստականայ այն հանգամանքով, որ Մոսկուա կը կատարէ դաշնակից Երեւանի նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները այն պարագային, եթէ ռազմական գործողութիւնները տեղափոխուին անմիջականօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը։ «Ինչ կը վերաբերի օգնութեան յստակ ձեւաչափերուն, ապա այդ հարցը կը քննարկուի յաւելեալ», եզրափակեց Զախարովա։