ՕՊՐԱՅԵՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ՉԷ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ»

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակէ միջազգային բեմահարթակի վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Վերջին օրերուն Պերլինի մէջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկում մը տեղի ունեցաւ այս տագնապին շուրջ։ Պունտեսթակէ ներս տեղի ունեցաւ յատուկ քննարկում մը, որու ընթացքին Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, Գերմանիա եւ միջազգային հանրութիւնը պիտի չընդունին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ռազմական լուծումը։ Ան առաջնային նպատակ համարեց կրակի դադրեցումը՝ առանց նախապայմաններու։ Սա է միջազգային հանրութեան պահանջը։ Հէյքօ Մաաս դիտել տուաւ, որ Պերլին համապատասխան պատգամը կը փոխանցէ ոչ միայն Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, այլեւ Թուրքիոյ։ «Մեզի այլ բան չի մնար՝ քան ուժեղացնել միջազգային ճնշումը բոլոր կողմերու վրայ, որպէսզի անոնք հասկնան, թէ միջազգային հանրութիւնը պիտի չընդունի այս խնդրի ռազմական լուծումը։ Ոեւէ մէկը չի կրնար բանակցային սեղանի շուրջ իր դիրքերը ամրապնդել ռազմական յաջողութիւններու հաշւոյն։ Խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Այս բանը պէտք է հասկնան թէ՛ հակամարտ կողմերը եւ թէ միւս դերակատարները։ Եւ Թուրքիան՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ, պէտք է գիտակցի իր պատասխանատուութիւնը՝ հակամարտութեան խաղաղ լուծումը գտնելու հարցին մէջ», ըսաւ ան։

Պունտեսթակի յատուկ քննարկման ընթացքին նախարարը տեղեկացուց, որ հակամարտ կողմերուն ուղղեալ այս յորդորներուն առընթեր, Գերմանիոյ կառավարութիւնը 2 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ելմտական օժանդակութիւն ցոյց տուած է պատերազմէն տուժածներու համար։

«Սա պատերազմ է Եւրոպայի մէջ եւ մենք չենք կրնար լոկ հանդիսատեսի դեր ստանձնել», ըսաւ, իր հերթին երեսփոխան Եոհան Վատեփխու։ Հարկ է նշել, որ Գերմանիան ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ երկիրներէն մին է։

Գանատայի վարչապետ Ճաստին Թրիւտօ եւս ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ չափազանց մտահոգիչ մնալ։

Երեւանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն Լոնտոնի ուղղեալ աշխատանքներ ալ կը կատարէ։ Հայաստանեան լրահոսին վրայ ներկայ պատերազմական շրջանին ուշադրութիւն կը գրաւեն զանազան պնդումներ, ըստ որոնց Անգլիոյ հետախուզական ծառայութիւնը կը համագործակցի Թուրքիոյ յատուկ սպասարկութեան հետ։ Այս բոլորին զուգահեռ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Անգլիոյ հաւատարմատար Հելէն Ֆէյզիի հետ։ Արմէն Գրիգորեան անդրադարձաւ պատերազմի ընթացքին եւ յիշեցուց, որ Ատրպէյճան քանիցս կոպտագոյնս խախտած է մարդասիրական հրադադարը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու հետեւողական ջանքերով ապահովուած համաձայնութիւններով հանդերձ։ Զրոյցի ընթացքին ան սադրիչ որակած է Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ շարունակելով Երեւանէն Անգարայի հասցէին եղած քննադատութիւնները։ Սա սպառնալիք մըն է ո՛չ միայն Արցախի ժողովուրդին դէմ, այլեւ՝ տարածքաշրջանային եւ արտատարածքաշրջանային անվտանգութեան համար։ Հարկ է յիշեցնել, որ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապ վերջին օրերուն տեղեկացուցած էր, թէ իր երկիրը որոշած է 1 միլիոն սթերլինի չափով մարդասիրական օգնութիւն յատկացնել՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն տուժածներուն համար։ Այս օգնութեան շնորհիւ հազարաւոր մարդիկ կը ստանան բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ, սնունդ եւ կ՚ունենան աւելի ապահով ապաստանարաններ։ Լոնտոնի ղեկավարութիւնը այս միջոցը յատկացուցած է՝ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի խնդրանքին ընդառաջ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերու գծով աւագ խորհրդական Ռապըրթ Օպրայենն ալ վերջին օրերուն յայտնած է, որ Ատրպէյճան վճռական չէ առանց նախապայմաններու հրադադարի մը հաստատման ուղղութեամբ։ «Հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ։ Կողմերը պէտք է կրկին նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ՝ առանց նախապայմաններու։ Սա յատկապէս կը վերաբերի Ատրպէյճանին, որ այսօր վճռական չէ առանց նախապայմաններու հրադադարի մը հարցին մէջ։ Երկու կողմերն ալ պէտք է դժուարին փոխզիջումներու երթան խաղաղութեան հասնելու համար։ ԱՄՆ հաւատարիմ է՝ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղեալ աշխատանքները շարունակելու», ըսաւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը եւ աւելցուց, որ հայ ժողովուրդը կ՚ենթարկուի յարձակման եւ կը կրէ կորուստներու հիմնական ծանրութիւնը։ Ըստ իրեն, հակառակ ժխտումներուն՝ ապացոյցներ կան, թէ Սուրիոյ ազատ բանակէն գրոհայիններ տեղեկայուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2020