ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Կլասքովի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային պայմանագրի (COP26) ստորագրադիր երկիրներու 26-րդ համաժողովը։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ Հայաստան թէեւ փոքր երկիր մըն է, սակայն կը մարմնաւորէ համաշխարհային ազգ մը։ Նախագահ Սարգսեան ելոյթի ընթացքին ներկայացուց Համաշխարհային դրամատան վերլուծութիւնը, ըստ որու Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանէն ներս Հայաստան 4-րդ ամենախոցելի երկիրն է կլիմայական փոփոխութիւններու առումով։ Արդարեւ, ջերմաստիճանի 1.3 աստիճան աճ արձանագրուած է, իսկ տեղումներու քանակը նուազած է 9 տոկոսով։ «Հակառակ քորոնաժահրի համավարակի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մարտահրաւէրներուն՝ մենք յանձնառու ենք աւելի մեծ ներգրաւուածութիւն ունենալ կլիմայի փոփոխութեան հարցերով համաշխարհային օրակարգին եւ ի ցոյց դնել կլիմայական հարցերու մէջ մեր յաւակնութիւններու աճը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ ընդգծեց, որ երկիրը մշտապէս արտայայտած է իր յանձնառութիւնը՝ միանալու կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքարի համաշխարհային ջանքերուն։ Երկրի որդեգրած երկարաժամկէտ նպատակն է՝ ներկայ դարու երկրորդ կէսին հասնիլ կլիմայական չէզոքութեան։ Իր խօսքով՝ անցումը կլիմայական չէզոքութեան երկրի ուժանիւթի անկախութեան, ուժանիւթի անվտանգութեան եւ կանաչ աճի քաղաքականութեան հիմքին կը գտնուի։ «Դիմակայուն եւ ցած ածխածինային աճի մեր տեսլականը ուղղակիօրէն կապուած է յուսալի եւ արդիւնաւէտ համակերպման ռազմավարութեան հետ։ Հիմնուած էքօհամակարգային մօտեցման, անտառավերականգնման, վերականգնուող ուժանիւթի եւ ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան մէջ ներդրումներու, նոր բարձր թեքնոլոժիներու, ինչպէս նաեւ՝ ելեկտրական շարժունակութեան խրախուսման եւ միջուկային ուժանիւթի ապագայ զարգացման վրայ», ըսաւ ան։

Նկատի ունենալով, որ պետական զգալի պարտքի բեռը զարգացող շատ տնտեսութիւններու համար կը խոչընդոտէ կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարի համար արտօնեալ կամ ոչ-արտօնեալ գանձատրումներ ստանալու հնարաւորութիւնը՝ Արմէն Սարգսեան այս համատեսքին մէջ խիստ կարեւոր համարեց ստեղծագործական մօտեցումի որդեգրումը։ Այս կէտին վրայ ան ներկայացուց «Պարտք՝ կլիմայի դիմաց» նախաձեռնութիւնը։ Իր խօսքով՝ սա կլիմայական գանձատրման նոր միջոց մըն է, որ զարգացող երկիրներուն պիտի նպաստէ կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարի ճանապարհին։ Նախագահը շեշտեց, որ բնապահպանական մարտահրաւէրները չեն ճանչնար սահմաններ ու հակամարտութեան գիծեր ու պէտք է աշխարհի բոլոր երկիրները բերել համապարփակ համագործակցութեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021