ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան համաձայնած է Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը անորոշ ժամանակով յետաձգելու ուղղեալ Մոսկուայի առաջարկին։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մասնակցեցաւ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին, 2023 թուականի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի նախագծի քննարկման շրջանակներէն ներս։ Այս հանդիպման ընթացքին ան անդրադարձաւ երկրի օրակարգի հրատապ հարցերուն՝ ներառեալ նախօրէին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին, որուն ինք մասնակցած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Վարչապետ Փաշինեան Հայաստանի խորհրդարանէն ներս դիտել տուաւ, որ Ռուսաստանի առաջարկին մօտեցումը լիովին կը համապատասխանէ Հայաստանի կառավարութեան մօտեցման։ «Տեղեակ էք, որ կը քննարկուի, որ կայ ռուսական եւ ոչ-ռուսական հայեցակարգ։ Կը փորձուի տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քայլերը հակասութեան մէջ կը մտնեն պայմանական ըսուած ռուսական հայեցակարգին հետ։ Սա, ի հարկէ, այդպէս չէ։ Ես կրնամ ներկայացնել, թէ ինչու։ Ես չէի կրնար սա հրապարակայնացնել նախապէս, որովհետեւ սա ինչ-որ առումով կ՚ըլլար բարոյագիտութեան խախտում։ Բայց, քանի որ հայեցակարգերու հեղինակները որոշակիօրէն բացայայտած են նրբութիւնը, ես կրնամ այդ դիտանկիւնէն անդրադառնալ հարցին։ Դուք տեղեակ էք, որ Ռուսաստանի մեր գործընկերները յայտարարած են, որ իրենց կարծիքով ճիշդ մօտեցումը կ՚ըլլայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցի յետաձգումը անորոշ ժամանակով։ Ինչո՞վ կը հիմնաւորուի այս բանը։ Կը հիմնաւորուի այն բանով, որ այս պահուն առարկայականօրէն չկայ հնարաւորութիւն գտնելու համար կարգավիճակ մը, որ փոխադարձաբար ընդունելի կ՚ըլլայ։ Ընդ որում, պէտք է խոստովանիլ, որ սա նոր վիճակ մը չէ, բայց ամէն պարագայի։ Ինչո՞վ Հայաստանի կառավարութեան քաղաքականութիւնը կը համապատասխանէ այս տեսլականին հետ։ Ես պէտք է ըսեմ, որ լիարժէք եւ հարիւր տոկոսով կը համապատասխանէ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մէջ կայ երեք բաղադրիչ։ Անոնք են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնը, իրաւունքները եւ կարգավիճակը։ «Դուք նկատած էք, որ յընթացս կարգավիճակ բառը՝ որպէս այսօրուայ ամէնօրեայ լուծման խնդիր, փորձած ենք մէկ կողմ դնել։ Ինչո՞ւ, այս իսկ տեսլականին բերումով, որովհետեւ մենք համաձայն եղած ենք մեր ռուս գործընկերներուն հետ, թէ այդ նիւթը չ՚արժեր երթալ ու փորձել լուծել, որովհետեւ սա պիտի բերէ անխուսափելի տագնապ մը», շարունակեց Փաշինեան։

Խորհրդարանի երէկուան քննարկումներուն ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան նշեց նաեւ, որ Սոչիի եռակողմանի հանդիպման արդիւնքով քայլ մը եւս առնուած է խաղաղութեան օրակարգի իրականացման ուղղութեամբ։ «Արդեօք այդ հանդիպման արդիւնքին կրնա՞մ արձանագրել, որ քայլ մը առնուած է խաղաղութեան օրակարգի իրականացման ուղղութեամբ։ Կրնամ ըսել, որ այո՛, միանշանակ։ Եւ սա շատ օգտակար եւ կարեւոր հանդիպում մըն էր։ Ի հարկէ, հանդիպումը ունեցած է թէ՛ հրապարակային եւ թէ՛ դռնփակ մասեր։ Շատ կարեւոր հարցեր հնչեցին։ Դուք տեղեակ էք, որ Հայաստանի մէջ այդ հանդիպումէն առաջ որոշ քննարկումներ ծաւալուած էին, թէ արդեօք Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ճանապարհին կ՚երթա՞յ այն հաւանական լաւատես տարբերակով, որ առկայ է դաշտի վրայ։ Խօսքը այն մասին է, որ բովանդակային առումով իսկապէս ինչքանո՞վ բանակցութիւններուն ներգրաւուած պաշտօնեաներու վարած քաղաքականութիւնը կը համապատասխանէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի շահերուն։ Կը կարծեմ, թէ Սոչիի հանդիպման կարեւորագոյն նրբութիւններէն մէկը  այս հարցումի պատասխանն էր։ Այդ պատասխանը այնպէս չէ, որ Սոչիէն առաջ չկար, պարզապէս այս հարցի շուրջ քննարկումները դարձան առաւել հրապարակային եւ մենք կրնանք հրապարակային տեսնել եւ բաղդատել, թէ ինչքանով մեր քաղաքականութիւնը կը համապատասխանէ այն տեսլականին եւ շրջանակին», յայտնեց Փաշինեան։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու լիազօրութեան երկարաձգման առաջարկը Սոչիի գագաթաժողովին ժամանակ թէեւ չէ ընդունուած, բայց մտած է օրակարգ։ Իր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման կարեւորագոյն գործօնը Ռուսաստանի խաղաղապահներու ներկայութիւնն է՝ քանի տակաւին չեն ստեղծուած անվտանգութեան եւ իրաւունքներու ապահովման յուսալի դրոյթներ եւ երաշխիքներ։ «Եռակողմանի բանակցութիւններու ընթացքին առաջարկած ենք, որ որոշում կայացուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու լիազօրութիւնը երկարաձգել անորոշ ժամանակով, հինգ տարիով, տասն տարիով, տասնհինգ տարիով, քսան տարիով։ Պէտք է ըսեմ, որ ինչպէս ակնյայտ է բոլորիդ համար, այդ առաջարկը չընդունուեցաւ, բայց պէտք է արձանագրեմ, որ իմ ընկալումով հարցը դարձաւ օրակարգային։ Կ՚ուզեմ բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրել հետեւեալ փաստին վրայ։ Նոյեմբերի 9-ի (հրադադարի) եռակողմանի յայտարարութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներու ժամկէտը երկարաձգուի ինքնաբերաբար։ Այսինքն՝ սա կրնայ երկարաձգուիլ, եթէ կողմերէն ոեւէ մէկը առարկութիւն չներկայացնէ ժամկէտի լրանալէն վեց ամիս առաջ։ Թէ ինչի՞ մէջ է նորութիւնը։ Առաջարկի նորութիւնը հետեւեալն է։ Խաղաղապահներու լիազօրութիւնը երկարաձգել եւ արձանագրել, որ երկարաժամկէտ կտրուածքով ունենալ անոնց ներկայութիւնը», շարունակեց Փաշինեան։

Պիւտճէի քննարկումներուն ժամանակ վարչապետը տեղեկացուց, որ երկրի պաշտպանութեան համար նախատեսուած ծախսերը էականօրէն պիտի աւելցուին, սակայն սա հակասութիւն չի կազմեր խաղաղութեան օրակարգին հետ։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Սոչիի գագաթաժողովին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ արժեւորելով Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2022