«ԱՆՁԱՄԲ ԿԱՐԳԱԴՐԵՑԷՔ»
Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու»ի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան կատարուեցաւ «Անձամբ կարգադրեցէք» խորագրեալ ցուցահանդէսի մը բացումը՝ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով։ Պատմական ճշմարտութիւնները հանրային կարծիքի նկատառման յանձնելու եւ հասարակաց յիշողութիւն մը կերտելու նպատակները հետապնդած նախագծի մը հիման վրայ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Պապիլ» միութեան կողմէ։ Անկախ հետազօտութեան, գիտութեան եւ հաղորդակցական միութեան՝ «Պապիլ»ի այս նախաձեռնութիւնը ունի փաստավաւերագրական բնոյթ մը։ Արդարեւ, ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուած են 1915-ին ապրուածները՝ վարչապետարանի առընթեր Օսմանեան արխիւներուն մէջ ի պահ դրուած հեռագրերուն միջոցաւ։ Դար մը առաջ ապ-րըւածներուն առընթեր այդ շրջագծով գլխաւոր դերակատարները, ստեղծուած մթնոլորտը եւ գործադրուած միջոցները ներկայացուած են ցուցահանդէսին շրջագծով։
Այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնելու այդ շրջանի ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի կողմէ գաւառի քաղաքները ուղարկուած հեռագրերը եւ այդ շրջաններէն հասած պատասխանները։ Սոյն փոխանակումներու առանցքով այս ցուցահանդէսը պատրաստուած է Օսմանեան արխիւին մօտ ի պահ դրուած ու մէկ մասը պրպտողներու համար բաց հազարաւոր հեռագրերու ուսումնասիրութեամբ։ Կազմակերպիչները կը նշեն, որ ցուցահանդէսը այս առումով արխիւը լայն լսարանի մը տեսանկիւնէն մատչելի կը դարձնէ ու միեւնոյն ժամանակ այդ շրջանին ընդունուած օրէնքներն ու տրուած հրահանգները կը բիւրեղացնէ պաշտօնական փաստաթուղթերու միջոցաւ՝ 1915-ին ապրուածներուն ականատեսներու վկայութիւններով, շրջանի մամուլով, պատասխանատուներուն դէմ բացուած դատերով եւ անոնց եզրակացութիւններով հանդերձ։ Կազմակերպիչները, նոյնպէս, կը շեշտեն, որ հեռագրերու տառադարձութիւնները կատարուած են մեծ բծախնդրութեամբ։ Տուեալներ կան նաեւ հայոց ունեցուածքին, կեդրոնէն ուղարկուած հրահանգներուն անհնազանդ գտնուողներու ենթարկուածներուն, հայ որբերու ենթարկուած վերաբերմունքին շուրջ։ Այս ճոխ տուեալները ցուցահանդէսի այցելուներու նկատառման յանձնուած են ինքնուրոյն միջավայրի մը մէջ, քանի որ ցուցադրասրահը յարդարուած է հայոց տեղահանութեան քարտէսի մը ձեւով եւ այնտեղ նշուած են նաեւ թիւեր, տուեալներ՝ քաղաք առ քաղաք։
Մինչեւ Դեկտեմբերի 31-ը բաց պիտի մնայ այս ցուցահանդէսը, որու կազմակերպման համար խորհրդատու կառոյց հանդիսացած է Պատմութեան հիմնարկը (Tarih Vakfı)։ Սալիհ Էրթուրանի կողմէ համակարգուած է ծրագիրը, որու խորհրդականները եղած են՝ Պիւլենտ Պիլմէզ, Հերա Պիւյիւքթաշճեան, Թոլկա Ճորա, Ֆուատ Տիւնտար, Ասենա Կիւնալ եւ Յովհաննէս Քըլըճտաղը։
Բաց հասարակութեան հիմնարկին եւ «Ֆրետրիխ Էպերթ» հիմնարկին կողմէ խրախուսուած նախագծին շրջագծով գործած է արխիւի ու հետազօտութեան խումբ մը, որուն մաս կազմած են Սերհատ Պոզքուրթ, Վուրալ Կենչ, Ճիհանկիր Կիւնտողտու, ինչպէս նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան։
Հետաքրքրական այս ցուցահանդէսի բացման առթիւ լոյս ընծայուած է նաեւ գրքոյկի մը, որու բովանդակութեան մէջ ամփոփուած են ցուցահանդէսի ընդգրկած հիմնական տուեալները, ինչպէս նաեւ խոշորացոյցի տակ բերուած՝ այդ ժամանակաշրջանի շարք մը հիմնական կամ խորհրդանշական դէմքերը։ Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսի բացման արձագանգ հանդիսացած են նաեւ տեղական մամուլէն կարգ մը թերթեր։