ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՀԵՏ ՆՈՐ ԽՆԴԻՐ ՄԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՄԱՐ

Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ռու­սաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ այս շրջա­նին դար­ձեալ ծայր կու տան տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներ։ ՆԱ­ԹՕ-ի խոր­հուր­դի վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին առ­նուած ո­րո­շում­նե­րը այս ա­ռու­մով ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նան, ո­րով­հե­տեւ հա­կա­սա­կան կա­ցու­թեան մը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցած են։ Ար­դա­րեւ, դա­շին­քի խոր­հուր­դը մէկ կող­մէ ո­րո­շած է վե­րա­կանգ­նել Ռու­սաս­տան-ՆԱ­ԹՕ խոր­հուր­դին աշ­խա­տան­քը, իսկ միւս կող­մէ ան­դա­մակ­ցու­թեան հրա­ւի­րած՝ Քա­րա­տա­ղը։ Այս եր­կու քայ­լե­րը նոր հար­ցա­կան­նե­րու ծննունդ կու տան կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­գա­յի տե­սան­կիւ­նէն։

ՆԱ­ԹՕ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ յայտ­նեց, որ դա­շին­քի խոր­հուր­դը ո­րո­շած է վերս­տին գու­մա­րել Ռու­սաս­տան-ՆԱ­ԹՕ խոր­հուր­դը՝ վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Մոս­կուա­յի հետ։ «Մենք ո­րո­շե­ցինք ու­սում­նա­սի­րել՝ ինչ­պէս օ­գտա­գոր­ծել Ռու­սաս­տան-ՆԱ­ԹՕ խոր­հուր­դը վերսկ­սե­լու հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ռու­սա­կան կող­մին հետ։ Մենք պի­տի ու­սում­նա­սի­րենք այդ հար­ցը եւ պի­տի ո­րո­շենք նոր նիս­տի ժա­մա­նակն ու թուա­կա­նը։ Ես կը փա­փա­քիմ ընդգ­ծել, որ թէեւ ՆԱ­ԹՕ Ռու­սաս­տա­նի հետ սա­ռե­ցու­ցած է գործ­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ան­ցեալ տա­րի Խրի­մի վե­րա­միա­ւո­րու­մէն վերջ, սա­կայն մենք պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցանք բաց պա­հել քա­ղա­քա­կան շփում­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի հետ։ Ռու­սաս­տան-ՆԱ­ԹՕ խոր­հուր­դը կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել, 2014 թուա­կա­նէն ի վեր տե­ղի ու­նե­ցած է խոր­հուր­դի քա­նի մը նիստ», ը­սաւ Սթոլ­թեն­պերկ։

Իսկ Քա­րա­տա­ղի վե­րա­բե­րեալ ըն­դու­նուած ո­րո­շու­մը, թէեւ դա­շին­քին կող­մէ կը հա­մա­րուի պատ­մա­կան, սա­կայն լուրջ վե­րա­պա­հու­թեան տե­ղի տուած է Մոս­կուա­յի մօտ։ Քրեմ­լին խիստ ար­ձա­գանգ մը տուաւ այս քայ­լին ու տե­ղե­կա­ցուց, թէ ՆԱ­ԹՕ-ի դէ­պի Ա­րե­ւելք ընդ­լայ­նու­մը պատ­ճառ պի­տի դառ­նայ ռու­սա­կան կող­մի փո­խա­դարձ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով ընդգ­ծեց, որ Մոս­կուա­յի կող­մէ զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ միշտ նշուած է, որ դէ­պի Ա­րե­ւելք ՆԱ­ԹՕ-ի ու ա­նոր ռազ­մա­կան են­թա­կա­ռու­ցուած­քի շա­րու­նա­կա­կան ընդ­լայ­նու­մը չեն կրնար տե­ղի չտալ ռու­սա­կան կող­մի փո­խա­դարձ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն՝ անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման եւ շա­հե­րու հա­ւա­սա­րու­թեան պահ­պան­ման ա­ռու­մով։ Փես­քով ը­սաւ, թէ այս նիւ­թին շուրջ պէտք է սպա­սել Փու­թի­նի, Ռուաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կամ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015