ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ
Պելկրատի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Կազմակերպութեան նախարարներու խորհուրդի 22-րդ ժողովն է այս մէկը։ Դիւանագիտական այս հաւաքին առթիւ մէկտեղուած են ԵԱՀԿ-ի անդամ 57 եւ գործընկեր 11 երկիրներու պատուիրակութիւնները։ Սերպիա այս կարեւոր դիւանագիտական հաւաքի տանտէրը հանդիսացած է՝ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի հանգամանքով։ Այս երկու օրերուն, գործնականօրէն, Պելկրատ կը դասուի աշխարհի դիւանագիտական մայրաքաղաքը։ Սերպիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ յայտնեց, որ Պելկրատի մէջ սա խոշորագոյն քաղաքական իրադարձութիւնն է 1989 թուականէն ի վեր, երբ այնտեղ այդ ժամանակ տեղի ունեցած էր չմիացած երկիրներուն գագաթաժողովը։
ԵԱՀԿ-ի երկօրեայ ժողովներուն մասնակցութիւն կը բերեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով եւ աշխարհի յառաջատար բազմաթիւ պետութիւններու գլխաւոր դիւանագէտները։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւս մասնակցութիւն կը բերէ Պելկրատի ժողովներուն։ Կը հաղորդուի, որ Պելկրատի մէջ նախատեսուած է Ճոն Քերիի եւ Սէրկէյ Լաւրովի առանձնազրոյցը։
Մինչ այդ, Թուրքիա-Ռուսաստան առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ Պելկրատի մէջ կը սպասուի նաեւ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Սէրկէյ Լաւրովի տեսակցութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ քանի մը օր առաջ Փարիզի մէջ հնարաւոր չէր եղած Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տեսակցութիւնը կազմակերպել, Պելկրատի մէջ այսօր նախարարներու մակարդակով ակնկալուած տեսակցութեան կը վերագրուի լուրջ իմաստ։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ Ռուսաստանի ռազմաօդանաւի վար առնուելէն ի վեր սա առաջին շփումն է Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ։ Ընդհանուր առմամբ, Չավուշօղլու-Լաւրով տեսակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ միջազգային հանրութեան կողմէ յստակօրէն բարձրաձայնուած պաղարիւնութեան կոչերու պայմաններուն ներքեւ։ Իր թուրք պաշտօնակցին հետ տեսակցութեան ընդառաջ Սէրկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, թէ Չավուշօղլու կ՚ունենայ իրեն ըսելիք նոր բաներ։ Ըստ իրեն, երկու նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցը աղաւաղուելով ներկայացուած էր հանրային կարծիքին եւ Լաւրովի համոզմամբ՝ Չավուշօղլու ըսելիք շատ բան կրնայ ունենալ այս առընչութեամբ։
Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ յայտնեց, թէ Ռուսաստանի անհամաչափ հակազդեցութիւնները ցաւ կը պատճառեն Թուրքիոյ եւ եթէ անոնք շարունակուին, ապա իր հերթին թրքական կողմն ալ ձեռք պիտի առնէ նախազգուշական միջոցներ։
Յամենայնդէպս, մասնաւորապէս Էրտողանի Փարիզի մէջ ունեցած ամենաբարձր մակարդակի վերջին շփումներուն լոյսին տակ Թուրքիա իր դիրքերը ամուր կը զգայ՝ Ռուսաստանի հետ յառաջացած ճգնաժամին շրջագծով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ուրիշ հանգամանք մը եւս։ Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս թերահաւատութիւն յայտնած է Ռուսաստանի կողմէ վերջին օրերուն օրակարգի վրայ բերուած շարք մը տուեալներուն դէմ, որոնց մէջ կը պնդուի, որ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ արտահանուած քարիւղը կ՚ուղարկուի Թուրքիա։ Ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական պատասխանատուներ այս առթիւ յայտնեցին, որ յստակօրէն կը մերժեն այն գաղափարը, թէ թուրքերը կ՚աշխատին ԻՇԻՊ-ի հետ։ Ուրեմն այս հաւասարակշռութիւններուն ներքեւ է, որ Պելկրատի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Չավուշօղլուի եւ Լաւրովի զրոյցը։ Հարկ է նշել, որ Ռուսաստան վերջին շաբաթներուն Սուրիոյ մէջ լրջօրէն զինած է նաեւ տեղւոյն քրդական զօրքերը։
ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Պելկրատի մէջ կը մասնակցի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 22-րդ ժողովին։ Երկօրեայ հաւաքին շրջագծով, լիագումար նիստի ժամանակ նախատեսուած է Եդուարդ Նալպանտեանի ելոյթը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան կ՚ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Միեւնոյն ժամանակ, Պելկրատի մէջ ան կը մէկտեղուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնք նոյնպէս Պելկրատի մէջ տեսակցեցան համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով պետական քարտուղար Արլէմ Տեզիրի հետ՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Միջնորդները ուրախութիւն յայտնեցին այս հանդիպման համար ու տեղեկացուցին, թէ պիտի աշխատին միասին։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան յայտնեց, որ Թուրքիա-Ռուսաստան լարուածութեան ածանցեալ գործօնները չեն փոխեր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ իրավիճակը։ «Պատմութեան ընթացքին ռուս-թրքական յարաբերութիւնները առաջին անգամ չեն սրուիր, այնուհետեւ՝ ջերմանար», ըսաւ Զաքարեան եւ աւելցուց, թէ յամենայնդէպս ստեղծուած իրավիճակը կարող է դիտարկուիլ որպէս նոր մարտահրաւէր Հարաւային Կովկասին համար, ինչ որ Ռուսաստանը պիտի ստիպէ ա՛լ աւելի աշխուժացնել իր ազդեցութիւնը այս տարածքաշրջանէն ներս։