ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԷՆ ՄԵԾ ՆՊԱՍՏ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս տա­րուան ըն­թաց­քին շուրջ 650 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րած է Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն, լի­բա­նա­նա­հայ ու­սա­նող­նե­րուն եւ հա­մայն­քի կրթա­կան այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Ըստ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, այդ գու­մա­րին շուրջ 455 հա­զար տո­լա­րը յատ­կա­ցուած է նա­խակր­թա­րան­նե­րուն, երկ­րոր­դա­կան եւ յա­տուկ կա­րիք­նե­րով ա­շա­կերտ­նե­րու վար­ժան­նե­րուն, նաեւ որ­բա­նոց­նե­րուն։ Մօ­տա­ւո­րա­պէս 95 հա­զար տո­լար կրթան­պաստ­ներ յատ­կա­ցուած են լի­բա­նա­նա­հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նող­նե­րուն, իսկ շուրջ 101  հա­զար տո­լար՝ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման ծրագ­րե­րու եւ կրթա­կան այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու հա­մար։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը 185 հա­զար տո­լար նուի­րած է Սու­րիա­յէ ներս գոր­ծող քսա­նութ հայ­կա­կան նա­խակր­թա­րան­նե­րուն եւ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015