ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Հա­յաս­տա­նի մէջ այս Կի­րա­կի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հան­րա­քուէ, ո­րով պի­տի եզ­րա­փա­կուի երկ­րին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը փո­փո­խու­թեան են­թար­կե­լու ուղ­ղեալ գոր­ծըն­թա­ցը։ Ժո­ղո­վուր­դին հա­ւա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցուե­լիք նա­խա­գի­ծը, ըստ էու­թեան, կ՚են­թադ­րէ երկ­րի կի­սա­նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւ­նը փո­խել խորհր­դա­րա­նա­կա­նի։ Եր­կար շա­բաթ­նե­րէ ի վեր այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը կը բնո­րո­շէ երկ­րին քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը, ստեղ­ծուած է լայ­նա­խա­րիսխ բա­նա­վէ­ճի մը մթնո­լոր­տը։ Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ժո­ղո­վուր­դին կոչ կ՚ուղ­ղեն «ա­յո» ը­սե­լու հա­մար հան­րա­քուէի ժա­մա­նակ, իսկ ընդ­դի­մու­թիւ­նը՝ հա­կա­ռա­կը։ Նոյ­նիսկ, «ոչ»ի կողմ­նա­կից­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն բա­ւա­կան թափ տուած են ի­րենց քա­րո­զար­շա­ւին, այս շրջագ­ծով ապ­րուե­ցան նաեւ ո­րոշ լա­րուա­ծու­թիւն­ներ։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, հան­րա­քուէին ըն­դա­ռաջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը տուաւ երկ­րի հա­ռուս­տա­կա­յան­նե­րուն։ Ան տաս­ներ­կու քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րու հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նեց՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ըստ էու­թեան սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն՝ ա­նոնց նա­խա­ձեռն­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ու նպա­տա­կին, պե­տու­թեան տե­սա­կէ­տէ այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան։ Սարգ­սեան մեկ­նա­բա­նեց նաեւ փո­փո­խու­թեան դէմ ար­տա­յայ­տուող­նե­րու փաս­տարկ­նե­րը եւ թէ ա­նոնց պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րուն որ­քան հա­մո­զիչ ըլ­լա­լը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015