ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Պա­քու։ Նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րուե­լէն վերջ ան նախ այ­ցե­լեց Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թիւն, իսկ այ­սօր ալ կ՚անց­նի Ատր­պէյ­ճան՝ իր ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թեան առ­թիւ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու կը հիւ­րըն­կա­լուի Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­նա­լու ա­ռըն­թեր Տա­վու­տօղ­լու եւ Ա­լիեւ կը գլխա­ւո­րեն պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Պա­քուի մէջ Տա­վու­տօղ­լու կը տե­սակ­ցի նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Վար­չա­պետ Ար­թուր Ռա­սի­զա­տէի հետ։ Ըստ Ան­գա­րա­յի աղ­բիւր­նե­րուն, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ման­րա­մաս­նօ­րէն կը քննար­կուին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Վա­ղը Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­լոյթ մը պի­տի ու­նե­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի Դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­կա­դե­միոյ մէջ։

Հարկ է նշել, որ Տա­վու­տօղ­լուի Պա­քուի շփում­նե­րուն ըն­դա­ռաջ Իլ­համ Ա­լիեւ այ­ցե­լեց Նա­խի­ջե­ւան։ Իսկ այ­սօր, վար­չա­պե­տի այ­ցե­լու­թեան հետ նոյն օ­րը Պա­քուի մէջ շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ նաեւ Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տաշ­վի­լի։ Բաց աս­տի, յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն նա­խա­տե­սուած է Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն՝ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի, Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի եւ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լիի հա­մա­տեղ հեր­թա­կան հան­դի­պու­մը։ Նա­խա­րար­նե­րու ե­ռա­կող­մա­նի տե­սակ­ցու­թեան այս ան­գա­մուան հիւ­րըն­կալ եր­կիրն է Վրաս­տա­նը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015